ՊԱՔՈՒԻ ԵՐԿԱԿԻ ԽՕՍՈՅԹԸ
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յոյս յայտնեց, որ խաղաղութեան ներկայ առանձնայատուկ հնարաւորութիւնը բաց չի թողուիր։ Պուքրէշ այցելութեան ընթացքին ան շեշտեց, որ երեսուն տարի անց Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւման աւարտը եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան վերականգնումը նոր հեռանկարներ կը բանան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման առջեւ։ «Այս կարգաւորումը՝ հիմնուած իրարու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման ու յարգանքի վրայ, ո՛չ միայն կը ծառայէ Ատրպէյճանին ու Հայաստանին, այլեւ կ՚ապահովէ տարածաշրջանէն ներս ու անոր սահմաններէն դուրս համագործակցութեան չօգտագործուած հնարաւորութիւններու իրականացումը։ Օգտուելով առիթէն՝ կը փափաքիմ անգամ մը եւս ընդգծել Ատրպէյճանի խաղաղութեան օրակարգը։ Հակառակ կողմէն կ՚ակնկալենք շինիչ մօտեցում եւ փոխադարձ քայլեր։ Կը յուսանք, թէ այս առանձնայատուկ հնարաւորութիւնը բաց չի թողուիր», ըսաւ Ճէյհուն Պայրամով։
Պաքուի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն նման պատգամներ տուած էր նաեւ՝ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքը հիւրընկալելու ժամանակ։ Պայրամով գերմանացի պաշտօնակցին հետ զրուցելու ժամանակ յայտնած էր, որ Երեւանի հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, երբ ան ընդունի Պաքուի պայմանները։ Ան յայտնած էր, որ Հայաստանի կողմէ ոչ-շինիչ ու հակասական քայլերը դանդաղեցուցած են կարգաւորման գործընթացը։ Հակառակ այս բոլորին, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը անայլընտրանք կը համարէ։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ Պերպոքի հետ քննարկեց տարածաշրջանի իրավիճակը, հաղորդակցութիւններու բացումը, Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը։ Ալիեւ բացատրեց, որ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն միջեւ ցարդ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը անհնար էր՝ Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի բռնութեան հետեւանքով։ Իր խօսքով՝ Հայաստան վերջին երեք տարիներուն զէնքի ու ռազմական անձնակազմի մատակարարում իրականացուցած է դէպի Լեռնային Ղարաբաղ եւ ձեռնարկած է սադրիչ քայլերու։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէն ալ վերջերս արձագանգեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան յայտարարութեան։ «Ատրպէյճանի հետ սպառնալիքներու լեզուով խօսիլը անթոյլատրելի է։ Ատրպէյճանի դէմ որեւէ ոչ-բարեկամական գործողութիւն դրական արդիւնք չի տար եւ այդպիսի գործողութիւններուն համարժէք պատասխան կը տրուի», ըսաւ բանբերը։