ՑՈՒՐՏ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Թուրքիա այցելութիւնը յստակօրէն ջուրի երես հանեց այն տարակարծութիւնները, որոնք երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունին Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմին հետեւանքով։ Պետական քարտուղարը բաւական ցուրտ վերաբերմունք մը գտաւ Անգարայի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան զինքը չժամադրեց, մինչ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ բանակցութիւնները տեւեցին շուրջ երկուքուկէս ժամ։
Պլինքընի այցելութեան ընթացքին թրքական կողմը յստակօրէն օրակարգի վրայ բերաւ իր պահանջը, որպէսզի Կազզէի մէջ ժամ առաջ հրադադար հռչակուի, քաղաքային բնակչութիւնը պաշտպանուի եւ պաղեստինցիները չզրկուին իրենց բնակարաններէն։ Հաքան Ֆիտան անընդունելի համարեց Կազզէի մէջ քաղաքացիական թիրախաւորումներն ու ենթակառուցուածքներու դէմ հարուածները։ Կողմերը համակարծիք գտնուեցան, թէ այս բոլորին շուրջ կրնան նաեւ համատեղ քայլերու ձեռնարկել։
Նախարար Հաքան Ֆիտան, ընդհանուր առմամբ, Թուրքիոյ կողմէ զգուշացումներ հասցէագրեց Պլինքընին։ Ան ըսաւ, թէ աշխարհ ոտքի կանգնած է, իսկ Ուաշինկթըն դժուարութեան կը մատնէ բոլորը։ ԱՄՆ կ՚ընկալուի՝ որպէս Իսրայէլի յանցագործութիւններուն հովանաւորը։ Ի լրումն այս բոլորին, Անգարա Ուաշինկթընը զգուշացուց, թէ եթէ Իսրայէլը չկասեցուի, ապա պատերազմը կրնայ տարածաշրջանային բնոյթ մը ստանալ։
Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցները խոշորացոյցի տակ կը պահեն նաեւ այն դրուագը, երբ դիմաւորման պահուն Ֆիտան չ՚ընդառաջեր Պլինքընի ողջագուրման փորձին ու պարզապէս կը ձեռնուի անոր հետ։