ՄԻՋԱՆՑՔՆ ՈՒ ՀԻՒՍԻՍ-ՀԱՐԱՒԸ

Զանգեզուրի միջանցքին աշխարհագրական ուղղութեան փոփոխութիւնը համընկնեցաւ «3+3» ձեւաչափով Իրանի մէջ կազմակերպուած հանդիպումին: Առաջինը այս մասին ազդարարեց Թուրքիոյ նախագահը: Հետեւեցան Պաքուի ներկայացուցիչներուն համահունչ յայտարարութիւնները: Միջանկեալ հրապարակումներ եղան, անշուշտ, թէ՛ Անգարայէն եւ թէ՛ Պաքուէն, որոնք մտածել տուին միջանցքի մասին կատարուող նոր յայտարարութիւններուն խուսանաւումնային բնոյթին մասին:

Սակայն միջանցքին Իրանի ուղղութեան մասին հետզհետէ կատարուող պաշտօնական յայտարարութիւնները սկսան դիպաշարին հետեւողը համոզել, թէ ապաշրջափակման նոր հաղորդուղիներու մասին կան հիմնական համաձայնութիւններ:

Երկու կարեւոր յայտարարութիւններ եկան ընդգծելու նոր համաձայնութիւններու տեսանելիութիւնը: Ատրպէյճանի նախագահին արտաքին հարցերու խորհրդականը ըսաւ, որ իր երկիրը մտադիր չէ գրաւելու Սիւնիքը, որովհետեւ երկու կողմերը չյաջողեցան «Զանգեզուրի միջանցք»ին հարցով: Իր խօսքով, այս ծրագիրը կորսնցուցած է իր գրաւչութիւնը՝ փոխարէնը Ատրպէյճան կրնայ այդ մէկը իրականացնել Իրանի հետ: Ան աւելցուց, որ Ատրպէյճանի եւ Իրանի ներգրաւուածութեան շարժառիթն է՝ փոխադրամիջոցներու կապերու կառուցումը:

Տարբաղադրելով հատուածներ՝ փորձենք ընկալել ըսուածը: Ատրպէյճան մտադիր չէ գրաւելու Սիւնիքը, որովհետեւ կողմերը չյաջողեցան համաձայնութեան գալ: Գրաւել եւ համաձայնիլ: Եթէ հայկական կողմը համաձայն ըլլար Զանգեզուրի միջանցքի ծրագիրին, ապա Ատրպէյճան պիտի գրաւէր Սիւնիքը: Հետաքրքրական է տրամաբանութիւնը եւ լոյս կը սփռէ Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշինքի բուն նպատակներուն վրայ:

Շարունակենք. հայկական կողմի անհամաձայնութեան մասին է ուղղակի խօսքը: Իրադարձութիւններուն հետեւողը արագօրէն կրնայ հաստատել, որ հայկական կողմի անհամաձայնութիւնը չէր բաւեր Զանգեզուրի միջանցքի ծրագիրը կասեցնելու՝ մանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ շատ թոյլ են հայկական կողմի բանակցական դիրքերը:

Պարզ է տեղի ունեցածը. Իրանի վճռականութիւնը կասեցուցած է ծրագիրը եւ Թուրքիան համոզած՝ փոխել խաղի կանոնները: Իրանի գործօնը դադրեցուցած է Հայաստան-Իրան սահմանային կարգավիճակի որեւէ փոփոխութիւն գրաւիչ նկատուելէ:

Այլ ենթաուղերձ մըն ալ կայ ատրպէյճանցի դիւանագէտին կատարած յայտարարութեան մէջ: Խօսելով զուտ փոխադրական միջոցներու հաստատման մասին՝ Պաքու ըսել կ՚ուզէ, թէ բացուելիք ճանապարհը որեւէ ձեւով պիտի չօգտագործուի զինուժ տեղափոխելու համար:

Հիմա գանք երկրորդ ուշագրաւ յայտարարութեան. Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Օվերչուք ըսած է, թէ Հայաստան Հիւսիս-հարաւ միջանցքին մաս չէ, որովհետեւ յստակ դիրքորոշում չունի:

Եթէ պահ մը միջանցքի յղացքը մոռնանք եւ Նախիջեւան-Ատրպէյճան առաջադրուած ցամաքային կապը դիտարկենք՝ իբրեւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակում, ապա երկու յայտարարութիւնները այնպէս կ՚ըմբռնենք, որ կայ ընդհանուր հասկացութիւն Հայաստանը շրջանցելու համար՝ տարածաշրջանային ապաշրջափակումներու ծրագիրներուն մէջ: Նկատենք նաեւ, որ նոր հաղորդակցուղիներու մեծ ծրագիրներուն մէջ Իրանի գործօնը առանցքային է՝ թէ՛ Զանգեզուրի միջանցքի նոր ուղղութեամբ եւ թէ՛ Հիւսիս-հարաւ գիծին վրայ:

Նախապէս այս մեծ օրակարգերը ներառուած էին 2020 թուականի նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան 9-րդ կէտին մէջ, ուր կը խօսուէր ամբողջ տարածաշրջանի ապաշրջափակումին մասին: Հիմա այդ օրակարգը տեղափոխուած է «3+3» ձեւաչափին մէջ:

Մէկ դիտարկում եւս: Նոյեմբերի եռակողմանի գլխաւոր ճարտարապետը, երաշխաւորն ու միջնորդը Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնն էր: Հիմա այդ հանգամանքը Ռուսաստան կը բաժնէ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ՝ այլեւս իբրեւ մաս տարածաշրջանի գլխաւոր հաւաքական 3-ին:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023