ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի մէջ գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ բացառիկ հնարաւորութիւն մը ստեղծուած է՝ «Լճաշէն. ջրասոյզի գանձարան» խորագրով, որ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի երդիքին տակ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ թանգարանէն ներս մասնաւոր հաւաքոյթով մը ազդարարուեցաւ ցուցահանդէսի բացումը։

Այսօրուընէ սկսեալ այցելուները հնարաւորութիւն կ՚ունենան տեսնելու Լճաշէնի յուշարձանի հարուստ հաւաքածոյէն մեծ հատուած մը։ Ներկայացուած գործերը յայտնաբերուած են 1956-1975 թուականներուն համանուն ամրոցի եւ դամբանադաշտի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տեղամասերուն մէջ։

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացքին նշեց, որ տարիներու ընթացքին ա՛լ աւելի կ՚արժեւորուի Լճաշէնի հնագիտական ժառանգութիւնը։

Այս նախաձեռնութեան մասնակցած է նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023