«G7»Ի ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մեծն եօթնեակի (G7) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Թոքիոյի մէջ գումարեցին ժողով մը։ Բանակցութիւններու աւարտին անոնք վերահաստատեցին, որ միասնական կը մնան Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու սահմանման եւ Ուքրայնային օժանդակութիւն տրամադրելու հարցին մէջ։

Ըստ միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներուն, Մեծն եօթնեակի արտաքին գործոց նախարարները Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմէն զատ անդրադարձան՝ Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութեան եւ Չինաստանի հետ յարաբերութիւններուն։

Հիւրընկալ Ճաբոնի արտաքին գործոց նախարարը՝ Եոքօ Քամիքաւա կոչ ուղղեց, որպէսզի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մարդասիրական հրադադար հռչակուի։ Բաց աստի, «G7»ի երկիրները վերահաստատած են, թէ կը գիտակցին Չինաստանի հետ անկեղծ ներգրաւուածութեան եւ իրենց մտահոգութիւնները ուղղակիօրէն անոր յայտնելու կարեւորութիւնը։ «G7» կ՚ընդունի Չինաստանի հետ կլոպալ մարտահրաւէրներու եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ ոլորտներէ ներս համագործակցելու անհրաժեշտութիւնը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2023