ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։ Երկու ղեկավարները շեշտեցին Կրանատայի քառակողմանի յայտարարութեան մէջ արձանագրուած սկզբունքներու կարեւորութիւնը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային կայունութեան ու խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան շուրջ։ Մաքրոն եւ Փաշինեան քննարկեցին տնտեսական, ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ այլ ոլորտներէ ներս համագործակցութեան խորացման եւ ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին հետեւողականօրէն շարունակել աշխատանքները այս ուղղութեամբ։ Զրուցակիցները կարեւորեցին նաեւ միջազգային հանրութեան օժանդակութիւնը՝ Արցախէն բռնի տեղահանեալներու մարդասիրական հարցերու լուծման ուղղութեամբ։

Նիկոլ Փաշինեան այսօր կը մասնակցի Փարիզի 6-րդ Խաղաղութեան համաժողովին, որու ընթացքին կ՚ունենայ ելոյթ մը։ Փաշինեան եւ կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան երէկ երեկոյեան Էլիզէի պալատին մէջ մասնակցեցան նաեւ այս համաժողովի մասնակիցներուն ի պատիւ՝ նախագահ Էմմանիւէլ եւ Պրիժիտ Մաքրոն ամոլին կողմէ սարքուած պաշտօնական ընթրիքին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2023