ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ԽԱՂԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութիւնը՝ հրատապ հրադադար հաստատելու Կազզէի մէջ, չ՚առարկայանար պարզապէս այն պատճառով, որ Իսրայէլ որեւէ ձեւով մտադիր չէ կրակը դադրեցնելու: Առաջադրուածը Կազզէի ժողովուրդին տեղահանումն է եւ «Համաս»ի արմատական ոչնչացումը: Ընդհանուր քարտուղարը հաստատած է նաեւ, որ այսպիսով Կազզէ կը վերածուի երեխաներու հաւաքական գերեզմանի: Պահանջը երկու կողմերուն ուղղուած ըլլալու տարրեր ունի, որովհետեւ ան նկատած է, որ Կազզէի ժողովուրդին կենդանի վահանի դեր տրուած է:

Մարդասիրական հրադադարի կոչերը, սակայն, առարկայական արձագանգ չեն գտներ: Թել Աւիւը յարձակումներու շարունակումով այլ նպատակ կը հետապնդէ:

Տարակուսելի է, սակայն, Թել Աւիւի առաջադրածներուն իրականացումը: Ո՛չ միայն զինուորական գետնի վրայ իրավիճակ փոխուած է, այլ «Համաս» կը շարունակէ դիմադրել եւ իր մօտ պահել Իսրայէլէն տարուած գերիները: Այսքան ժամանակէ ի վեր փաստօրէն չէ իրականացած Իսրայէլի խոստացած ցամաքային ներխուժումը, որ այլ ոճով՝ ներխուժում-նահանջ կշռոյթներով կ՚ընթանայ:

Իրավիճակ փոխուած է տեղեկատուական դաշտին մէջ: Իսրայէլ նախապէս բացարձակ կը տիրապետէր համաշխարհային մամուլին, ինչ որ այժմ այդպէս չէ: Այդ բացառիկութիւնը կորսնցուցած է Իսրայէլի կառավարութիւնը, որու պաշտօնական խօսափողին վերածուած էր միջազգային լրատուադաշտը: Այսօր ո՛չ միայն եւրոպական, այլեւ ամերիկեան մամուլը կը ներկայացնէ Պաղեստինի մօտեցումները, կը խօսի անոր իրաւունքներուն մասին, կը դատապարտէ բնակչութեան դէմ գործադրուած սպանդը:

«Երկու պետութիւն, Երուսաղէմ մայրաքաղաքով եւ 1967-ի սահմաններով»ը միայն արաբական երկիրներու առաջադրանքը չէ: Բազմաթիւ են այն պետութիւնները, որոնք կը խօսին ա՛յս կարգախօսին մասին՝ նոյնիսկ ընդգծելով, որ միայն նման փոխզիջումնային լուծումն է, որ տարածաշրջանին մէջ կրնայ ապահովել երկարատեւ խաղաղութիւն:

Փաստօրէն, աւելի ընդարձակ աշխարհագրութեամբ Պաղեստինի անկախ պետութեան ճանաչումը միջազգային օրակարգի կը վերածուի: Չի բացառուիր ուրեմն, որ բանակցութիւններու սեղանին վրայ գայ երկու վարչատարածքներու վրայ Պաղեստինի պետութեան տարածումը եւ անոր գերիշխանութեան ճանաչումը:

ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի նիստին քուէարկած երկիրներու պատկերը եւս կը յուշէ, որ շատ բան փոխուած է նաեւ միջազգային ընտանիքին մօտ Թել Աւիւէն եկած որեւէ բանաձեւի նախագիծին նկատմամբ դիրքորոշուելու առումով: Պետութիւններու քուէարկութեան պատկերի քաղաքական ուսումնասիրութիւնը այս համոզումին կ՚առաջնորդէ հետեւողը: Մէկ ցայտուն օրինակ անպայման պէտք է յիշել: Անգլիան ձեռնպահ մնաց քուէարկութենէ: Նման անվտանգային եւ աշխարհաքաղաքական նշանակութեամբ բանաձեւերու քուէարկութեան կարելի չէր անջատել Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգներն ու Անգլիան: Ակնկալելի էր, որ Միացեալ Նահանգները իր քուէով զօրակցի Իսրայէլին՝ հակառակ անոր, որ գետնի վրայ արձանագրուած ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ տեսանելի են առնուազն կարեւոր տարբերութիւններ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի միջեւ:

Լոնտոն այս հարցերուն գծով իր դիրքորոշումը անպայման կը համակարգէ Ուաշինկթընի հետ: Չի բացառուիր, որ ձեռնպահութիւնը եւս համակարգուած ըլլայ, այնուամենայնիւ յստակ ուղերձ էր:

Աւելի նուրբ են, անշուշտ, Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ տեսանելի տարբերութիւնները ո՛չ միայն ՄԱԿ-ի մէջ նման քուէարկութիւն թոյլ տալու, այլեւ լուռ ձեւով Իրանի հետ պատերազմը վերահսկողութեան տակ պահելու առումով:

Վերադառնանք ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութեան: Նկատեցինք, որ երկու ուղղութեամբ հասցէականութիւն կայ. «Համաս»ին, որ ժողովուրդը իբրեւ կենդանի վահան կ՚օգտագործէ եւ Իսրայէլին, որ երեխաներու հաւաքական գերեզմանի կը վերածէ Կազզէն: Սակայն պահանջուածը՝ մարդասիրական հրադադարը, Թել Աւիւի մօտեցումին կը հակադրուի:

Առաջին անգամ չէ, որ ՄԱԿ-ի թիւ մէկ դէմքը, կը հակադրուի Իսրայէլի մօտեցումին: Անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն ետք Թել Աւիւ պահանջեց անոր հրաժարականը: Իրավիճակ փոխուած է նաեւ այս առումով: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ո՛չ միայն չէ հրաժարած, այլեւ դարձեալ նոյն պահանջով կը ներկայանայ միջազգային ընտանիքին:

Միջին Արեւելքի մէջ ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները այլեւս չեն ընթանար միայն Իսրայէլի ճշդած կանոններով:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Շաբաթ, Նոյեմբեր 11, 2023