ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԵՒ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի եւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վարժարաններու վարիչներուն միջեւ նախատեսուած հանդիպման մանրամասնութիւնները կը յստականան։ Ինչպէս ծանօթ է, Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի կողմէ կը համակարգուին այս ժամադրութեան պատրաստութիւնները։ Կը տեղեկանանք, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթավերջին, Պէյօղլուի Ուսուցչաց տան մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023