ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Թեհրանի ղեկավարութեան կողմէ։ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ գոյացած համաձայնութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցան Մոկերինիի շփումները։ Այդ նոյն ժամանակահատուածին արեւմտեան յառաջատար երկիրներու կողմէ բարձրաստիճան շարք մը պաշտօնատարներ արդէն այցելած էին Թեհրան, իսկ երէկ արդէն տեղի ունեցան Մոկերինիի շփումները։ Ան Թեհրանի մէջ տեսակցեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի, Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Կը հաղորդուի, որ Ռուհանի եւ Մոկերինի քննարկեցին Իրանի միջուկային ծրագիրը եւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութիւնը։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ զանազան խնդիրներ, որոնք առարկայ են կողմերու փոխադարձ հետաքրքրութեան։ Կողմերը կանգ առին նաեւ Իրանի եւ Եւրոպայի համագործակցութեան ընդլայնման ուղիներուն վրայ։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան տարածքաշրջանային հարցերու, ահաբեկչութեան հիմնախնդրին, ինչպէս նաեւ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Եէմէնի իրադրութեան շուրջ։
Մօտաւոր անցեալին Վիեննայի մէջ միջազգային համաձայնութեան ստորագրութիւն դրած Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆ Թեհրանի մէջ ալ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ եւրոպացի յանձնակատարը նշեց, թէ միջուկային ծրագրի շուրջ համաձայնութեան պայմաններուն կատարումը Թեհրանի առջեւ կը բանայ արեւմտեան երկիրներու հետ համագործակցութեան նոր ուղիներ։
Մինչ այդ, Ֆետերիքա Մոկերինիի Թեհրան այցելութեան ընդառաջ Մուհհամէտ Ճեւատ Զարիֆ տարածքաշրջանային այցելութիւն մը իրականացուց դէպի Պարսից ծոցի երկիրներ։ Այսպէս, քառօրեայ ուղեւորութեան շրջագծով ան իրերայաջորդ շփումներ ունեցաւ Քուէյթի, Քաթարի եւ Իրաքի մէջ։ Զարիֆ այդ երկիրներու ղեկավարներուն ներկայացուց Վիեննայի մէջ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ գոյացած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները ու փորձեց յաղթահարել անոնց առկայ մտահոգութիւնները։ Հարկ է նշել, որ մասնաւորապէս Սէուտական Արաբիան անհանգիստ է յիշեալ համաձայնութենէն։
Ֆետերիքա Մոկերինիի այցելութենէն վերջ, այժմ Թեհրանի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի հիւրընկալել նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուսը, որ եւս պիտի այցելէ Իրան։