ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԸ
Դէպի Լոնտոն պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Լէօ Տոքերթիի հետ։ Այս տեսակցութիւնը բնորոշեց նաեւ Հայաստան-Անգլիա ռազմավարական երկխօսութեան սկիզբը։ Երկու նախարարները նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ բանակցութիւնները անոնց գլխաւորութեամբ շարունակուեցան ընդլայնուած ձեւաչափով՝ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ։ Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ Հայաստանի եւ Անգլիոյ միջեւ վերջին շրջանին բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը, ռազմավարական երկխօսութեան սկիզբը կը վկայեն անոնց գործընկերութեան որակապէս նոր մակարդակի մը բարձրացած ըլլալը։ Կողմերը պատրաստակամութիւն ունին այս ուղղութեամբ եւ ներդրած են համապատասխան ջանքեր։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու ամբողջ օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, անվտանգային, նորարարութեան, մարդոց միջեւ շփումներու ոլորտներէն ներս եւ այլ բնագաւառներու պարագային առկայ համագործակցութեան եւ անոնց ընդլայնման հեռանկարներուն։ Կողմերը հանգամանօրէն անդրադարձան Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
Այս ամբողջին մէջ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց անցեալ ամիս Կրանատայի քառակողմանի հանդիպումէն յետոյ ընդունուած յայտարարութիւնով արտայայտուած սկզբունքներու հիման վրայ խաղաղութեան գործընթացին մէջ յառաջ շարժուելու՝ Ատրպէյճանի կողմէ հանրային յանձնառութեան արտայայտման, ինչպէս նաեւ այդ հարցին մէջ միջազգային գործընկերներու գործուն ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը։ Տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման համատեսքին մէջ Միրզոյեան ներկայացուց նաեւ Հայաստանի կողմէ մշակուած «խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը՝ ընդգծելով Հայաստանի եւ ընդհանուր տարածաշրջանի կայունութեան եւ զարգացման համար անոր իրականացմամբ ակնկալուած առաւելութիւնները։ Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ էթնիք զտման հետեւանքով աւելի քան 100 հազար հայերու բռնի տեղահանման եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի առաջնային կարիքներու եւ իրաւունքներու հասցէագրման ուղղութեամբ իրականացուած քայլերը։ Երկու նախարարները բանակցութիւններէն վերջ ամփոփեցին կատարուած աշխատանքը։
Միւս կողմէ, երէկ, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ Հայաստանի նոր դեսպանատան բացման արարողութիւնը։
Հարկ է նշել, որ երէկ իսկ Անգլիոյ կառավարութեան կազմէն ներս տեղի ունեցաւ կարեւոր փոփոխութիւն մը։ Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին կոչուեցաւ Տէյվիտ Քեմըրըն, որ անցեալին վարչապետի պաշտօնը զբաղեցուցած էր։ Արարատ Միրզոյեանը պաշտօնական այցելութեամբ Լոնտոն հրաւիրած Ճէյմս Քլեւըրլին նշանակուեցաւ ներքին գործոց նախարար։
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Միւս կողմէ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Էքպեր Ահմատիանի հետ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Գրիգորեան վերջին օրերուն վերահաստատած էր, թէ Երեւան պատրաստ է եռակողմանի նոր հանդիպման մը մասնակցելու Պրիւքսելի մէջ։