ՄԵԾ ՍԽԱԼՆԵՐՈՒ ԳԻՆԸ

Ինքնագիտակցութիւնը եւ գործուած սխալները ընդունիլը որեւէ հասարակութեան համար մղիչ ուժեր են. մղիչ ուժեր՝ ոտքի կանգնելու համար, սխալներէն սորվելու եւ նոյն սխալները չկրկնելու առումով։ Իրաւամբ, անցնող տասն տարիներուն հայ ժողովուրդը եւ ի մասնաւորի՝ Հայաստանի հասարակութիւնը, որեւէ կերպով ճիշդ ուղղութիւն մը, ճիշդ ընթացք մը չէ առած՝ նախ եւ առաջ ինքզինք ճանչնալու համար։ Ու վստահօրէն, եթէ մեր ժողովուրդը իրողապէս լաւ ճանչցած ըլլար նախ ինքզինք ու իր երկրի հնարաւորութիւնները, ապա ամէն գնով կրնար խուսափիլ 2020 թուականի՝ ահռելի հետեւանքներ ունեցած պատերազմէն։

Տեղ մը պատերազմներու գովքը հիւսելը շատ հեշտ է, նաեւ ձեռըն-տու անոնց համար, որոնք ի վերուստ ազգը կառավարելու իրաւունքը ունին։ Ոչ ոքի համար արժէք ունին իրական ու ճիշդ դատողութիւնը, տրամաբանուած մօտեցումները եւ ընդհանուր վարքագիծը լուրջ եւ տրամաբանուած հիմերու վրայ դնելու ուղղութիւնը։ Ու թերեւս երկրորդ ընտրանքին, աժան եւ սին պատրանքներու միջոցով հանրութիւնը դէպի աւելի մեծ փորձութիւններ տանելու ընտրանքն է, որ ո՛չ միայն հեշտ է, այլ՝ մեծ հաշուով ձեռնտու բոլորին։ Ոչ ոք կ՚ուզէ կաթիլ մը պատասխանատուութիւն իր բաժակին խառնել, ոչ ոք կը խօսի գործուած սխալներէն դուրս գալու ոգիով եւ ամենակարեւորը՝ ոչ ոք կ՚ուզէ ասոր կամ անոր աչքին գէշ մարդ երեւիլ։

Տխուրն այն է, որ հակառակ մեծ զոհերուն եւ զոհողութիւններուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան  աշխոյժ համարուած հասարակութիւնը չսորվեցաւ գործուած սխալներէն ու այն տպաւորութիւնը կու տայ, որ երբեք չ՚ուզեր դուրս գալ իրեն համար լարուած ծուղակէն։ Ի հարկէ, այդ ծուղակին մասին հնարաւոր է խօսիլ այլ առթիւ, սակայն այսօր փաստ է, որ մինչ ամէն օր Արցախի հարցը կը մօտենար իր վախճանին, չէին պակսեր մարդիկ, որոնք կանգնեցան Երեւանի հանգստաւէտ հրապարակներուն վրայ ու գոռացին, որ շուտով պիտի ազատագրեն զայն։ Ըրին այդ մէկը ու այսօր ո՛չ միայն անոնք, այլ ամբողջ հայ ժողովուրդը կը վճարէ սխալներուն մեծ գինը։ Խնդիրը միայն Արցախը չէր, խնդիրը միայն Արցախի անվտանգութեան ապահովումը չէր, այլ խնդիրը ինչպէս երէկ, այսօր ալ կը շարունակէ մնալ ինքնաճանաչողութեան հարցը։ Ներուժը ճիշդ հասկնալու, այդ ներուժին իրական ուժը ճանչնալու ու անկէ ետք շրջապատի իրադարձութիւնները ճիշդ թարգմանելու հարցն է առանցքայինը։ Թարգմանութիւն ըսուածը պէտք չէ բառացի իմաստով հասկնալ։ Սա չի նմանիր այն բանին, երբ Երեւանի մէջ լոյսին կու գան տեսակ-տեսակ հատորներ, որոնց թարգմանութեան մասին, մեզմէ շատեր կը գովազդեն ու կ՚ըսեն, թէ թարգմանութիւնը պարզապէս բացառիկ է։ Թարգմանել այս պարագային կը նշանակէ ճի՛շդ ընկալել, ճի՛շդ հասկնալ ու այդ ճիշդի կողքին ալ կատարել ճի՛շդ ախտորոշումներ ու գտնել ճի՛շդ լուծումներ։ Սա համակարգի խնդիրն է, նաեւ նախ եւ առաջ կը խօսի այն մասին, թէ այսօր Հայաստանի համակարգը պէտք է վերատեսութեան ենթարկել։

Այս համակարգային ընդհանուր վիճակին մասին վերջերս շահեկան գրառում մը կատարած է լուսանկարիչ եւ լեռնագնաց Վիգէն Սարգսեան, որու տեսակէտները կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Եկէք խոստովանինք, որ մենք միջակութիւն եղած ենք ու տակաւին ալ ենք՝ բոլոր ոլորտներու մէջ: Մենք գիշեր ու զօր չենք մաքառած, որպէսզի քարէն հող սարքենք, օդէն՝ ջուր, հողէն ալ բերք: Գիտութիւն չենք զարգացուցած, զէնք չենք արտադրած մեզի համար: Մարդասիրական միտքը, տրամաբանութիւնը չենք զարգացուցած, որպէսզի ճանչնանք, հասկնանք աշխարհն ու աշխարհակարգը: Ինչ որ ըրած ենք՝ ըրած ենք կա՛մ միջին գիծերու մէջ եւ կամ ընդհանրապէս ոչինչ ըրած ենք, շատ դէպքերու պարագային ալ մենք մեզի վնաս տուած ենք: Մենք չենք ունեցած ընդհանուր երազանք, մերը եղած է անձնական՝ լաւ ինքնաշարժ, լաւ տուն, լաւ եկամուտներ:

Մեր անձնական շահը միշտ հակասած է ընդհանուր շահին: Մենք մեր բակի սօսեաց կտրած ենք, կրաձոյլէ (պեթոն) կառատուն սարքած, որպէսզի միայն մեզի համար լաւ ըլլայ, ո՛չ համայնքին: Հող մշակելու տեղ, հողը վերածած ենք կրաձոյլէ ջրափոսի, արթեզեան աւազանի ջուրերը լեցուցած մէջը ու բուծած առողջութեան համար անպիտան ձուկ՝ զուտ գումարի համար, վնասելով հողը, ջուրը, առողջութիւնը: Լեռները սարքած ենք բաց հանք, քանդած, լեցուցած վակոնները ու ծախած՝ թունաւորելով շրջակայ ջուրերը ու բնակավայրերը: Գոնէ որպէս հումք չարտահանէինք, գոնէ արտադրութեան օգուտ տային այդ քանդուած սարերն ու ձորերը: Ու ո՛չ մէկ հողամշակման աշխատանք, ոչ մէկ վերականգնողական կամ կանխարգելիչ գործողութիւն՝ որպէսզի չապականին շրջակայ միջավայրն ու ջուրերը: Նոյնն ալ անտառներուն հետ, մաֆիոզ խումբերը ոստիկանութեան տեղի թափթփուկներու հետ համատեղ գողցած են ու վաճառած՝ բոլորիս պատկանող հարստութիւնը: Ու նորէն՝ ո՛չ մէկ արտադրութիւն ու վերկանգնում կոտորուած անտառներուն: Նոյնն ալ կենդանական աշխարհի մասով, քանի մը տասնեակ հարուստ ու աղքատ հաստագլուխներ գրեթէ ի սպառ բնաջնջեցին մեր հարուստ կենսաբազմազանութիւնը:

Սա մենք ըրած ենք, որ մեզմէ քանի մը հոգին միայն լաւ ըլլայ, մի քանին հարստանայ, դժոխք թէ ինչ կը պատահի ընդհանուրին հետ, թքած պետութեան վրայ: Որ ոլորտի գործերուն կը նայիս՝ կա՛մ միջակութիւն է, կամ վնաս՝ կաշառակերութեան ու գողութեան տեսքով:

Որեւէ նորմալ պետական կառոյց չկարողացանք ստեղծել, գոնէ հիմնական ամենակարեւորներէն՝ արդարադատութեան համակարգ: Մարդիկ հիմնականին հարիւր հազարներով արտագաղթած են ո՛չ թէ սառնարանին մէջ մէկ հատ աւելի երշիկի համար, այլ ընդհանուր անարդարութենէ: Մարդիկ պատրաստ են կրել բազմաթիւ զրկանքներ յանուն ընդհանուրի շահի, երբ այդ զրկանքը բոլորի համար անխտիր է, երբ արդար է, երբ արտօնեալներ չկան, երբ երկրիդ հարստութիւնը հաւասար բոլորին համար է, երբ բոլորը ունին հաւասար մեկնարկային հնարաւորութիւններ ու որ կտրիճներ ու «շուստրիներ»ը չունին այդ արտօնեալ գործիքակազմը: Երբ չկայ արդարութիւն՝ կը խախտուի այդ փխրուն համերաշխութիւնը, մարդիկ այլեւս չեն ուզեր կրել զրկանքներ յանուն ընդհանուր գործին, երբ որոշ մարդիկ ո՛չ միայն բոլորի հետ չեն կրեր այդ զրկանքները, այլ ուրիշի զրկանքները կը վերածեն իրենց օգտին:

Բանակը՞, քանի որ տասնամեակներով այս նիւթը եղած է թապու, արգիլուած, «սուրբ կով»՝ եկէք չխորանանք: Ուղղակի եղած եմ այնտեղ, տեսած եմ մէջէն, բայց այդ մէկ կողմ՝ չի կրնար բանակի թէկուզ մէկ զօրավար ըլլայ տոլարային միլիոնատէր կամ պիզնեսմեն (գործարար), չկայ ուրեմն բանակ: Կրնա՞յ ըլլալ այդ բանակին մէջ կան ազնիւ սպաներ ու արի զինուորներ, ի հարկէ կան, բայց ոչ աւելին: Այս բանակի վերնախաւի մեծ մասը զբաղած եղած է գողութեամբ՝ յոյս ունենալով, որ կռիւ չըլլայ, ըլլայ ալ՝ մեր ոխերիմ դաշնակիցը կը կանգնեցնէ կամ կը պաշտպանէ մեզ:

Մեր շատ գովաբանուած տեղեկատուական արհեստագիտութեան (IT) ոլորտը: Նորէն, գրեթէ չունինք լուրջ արտադրութիւն, կա՛մ զուարճալի յաւելուածներ են, կա՛մ խաղադրոյքային, կա՛մ ալ դուրսի համար պատուէրով աշխատանք: Շատ քիչ բան ունինք, որ իսկապէս աշխարհը կրնայ փոխել, մարդոց կեանքը լաւացնող արտադրութիւն կրնայ ըլլալ: Կը համեմատեմ Իսարայէլի նոյն ոլորտին հետ, մերը միջին ալ դժուար թէ գնահատել:

Ես ալ միջակ եմ, ես ալ ինձմէ գոհ չեմ իմ կատարած աշխատանքի որակէն՝ ըլլայ այդ ծրագրաւորումը, պատասխանատուութիւն վերցնելը, լուսանկարելը, տեսանիւթ մշակելը, մարդկային յարաբերութիւնները, թէկուզ՝ սարերը քալելը: Այս գրութեան բառապաշարն ու ուղղագրութիւնն ալ միջակ է: Կ՚երեւի թէ՝ միտքերն ալ: Սա ինքնախարազանում չէ, ուղղակի կը փորձեմ ախտորոշումը գտնել: Պէ՛տք է փոխուինք, ձգե՛նք պոռոտախօսութիւնն ու լոպազութիւնը (պարծենկոտութիւնը), կրթուինք, ինքնակրթուինք ու շատ աշխատինք, որպէսզի այս արեւուն տակ տեղ ունենանք:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023