ԺԱՄԵՐՈՒ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄ
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Վրաստան, ուր մասնակցեցաւ Եւրոպական երիտասարդական ողիմպիական փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Այս շրջագծով Յովիկ Աբրահամեան մէկտեղուեցաւ նաեւ իր վրացի պաշտօնակցին՝ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախընթաց օր Աբրահամեան եւ Ղարիպաշվիլի այցելեցին Վրաստան-Ռուսաստան սահմանին վրայ տեղակայուած Տարիալի (Քազպէք) սահմանային անցակէտը։ Երկու վարչապետները տեղւոյն վրայ ծանօթացան այս անցակէտի աշխատանքներուն, զրուցեցին աշխատակիցներուն հետ։ Յովիկ Աբրահամեան մասնաւորապէս հետաքրքրուեցաւ, թէ ի՛նչ խնդիրներ ունին այն բեռնատարերը կամ ինքնաշարժները, որոնք Հայաստանէն Վրաստանի տարածքով կը մեկնին Ռուսաստան։ Ան հետաքրքրուեցաւ, թէ որքա՛ն ժամանակ անհրաժեշտ է փաստաթուղթերը զննելու եւ համապատասխան ընթացակարգը իրականացնելու համար։ Այնտեղ Յովիկ Աբրահամեան զրուցեց նաեւ այդ սահմանային դրան միջոցաւ Ռուսաստան ուղեւորուող Հայաստանի քաղաքացիներուն հետ։
Երկու վարչապետները շրջայցի աւարտին ամփոփեցին արդիւնքները։ Անոնց միջեւ գոյացաւ պայմանաւորուածութիւն, ըստ որու Վրաստան-Ռուսաստան սահմանի Տարիալի անցակէտի աշխատանքը պիտի երկարաձգուի եւս 3.5 ժամով։ Այսինքն՝ վերջին մէկ տարուան ընթացքին ընդհանուր առմամբ 6.5 ժամով։ Ըստ նոր պայմանաւորուածութեան այս սահմանադուռը պիտի գործէ առաւօտուն ժամը 05.30-էն սկսեալ մինչեւ կէս գիշեր։ Հարկ է աւելցնել, որ շուրջ ամիս մը առաջ դարձեալ երկու վարչապետներու քննարկման առարկայ դարձած էին այդ անցակէտին աշխատանքային ժամերը։
Այս վերջին զրոյցին ընթացքին կողմերը քննարկեցին Վրաստանի անցակէտերուն մօտ հայկական բեռնատարներու խցանումները նուազագոյնի հասցնելու հարցերը։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ Հայաստանէն վրացական անցակէտերու միջոցաւ կազմակերպուող արտածումներու գործընթացը դիւրացնելու վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Աբրահամեան եւ Ղարիպաշվիլի խօսեցան նաեւ «Բարեկամութեան» կամուրջի շինարարութեան շուրջ։ Կը նախատեսուի, որ այդ կամուրջը կառուցուի հայ-վրացական սահմանին վրայ։ Կողմերը պայմանաւորուեցան, որպէսզի շինարարութեան գործընթացը սկսի փութով։
Աբրահամեան-Ղարիպաշվիլի տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Վրաստանը Ռուսաստանին կապող մայրուղիին հարցը։ Արդարեւ, այդ մայրուղիի կարգ մը հատուածներէն ներս մշտապէս կ՚ապրուին սողանքներ եւ քարաթափումներ, ինչ որ լուրջ վտանգներու յղի է։ Վրացական կողմը տեղեկացուց, թէ կը նախատեսէ քայլերու ձեռնարկել այդ ճանապարհահատուածները առաւել անվտանգ դարձնելու ուղղութեամբ։ Նոյն նպատակով, մասնաւորապէս, կը նախատեսուի իրականացնել ճանապարհի լայնացման, ինչպէս նաեւ լուսաւորման աշխատանք։
Քննարկումներուն ընթացքին երկու վարչապետներու կողքին էին պատկան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։