ՆԱԹՕ-Ի ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ Ի ՆՊԱՍՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲԱՑԱՅԱՅՏ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ շարունակեցին իրենց լայնածաւալ գործողութիւնները «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) եւ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ։ Բանակը օրերէ ի վեր ծանր հարուածներ կը հասցնէ անոնց, ինչ որ անմիջականօրէն կը բնորոշէ նաեւ երկրին օրակարգը։ Այս մթնոլորտին մէջ, ահաբեկչական կազմակերպութիւնն ալ կը փորձէ երկրէն ներս իրականացնել բռնարարքներ՝ ինքզինքին թիրախ ընտրելով անվտանգութեան ուժերն ու անոնց կեդրոնները։ Գրեթէ ամէն օր հանրային կարծիքը անսահման ցաւով ու վրդովմունքով կը հետեւի նահատակներու յուղարկաւորութիւններուն։
Առկայ մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կը գործէ միջազգային աննախընթաց զօրակցութեան մը պայմաններուն ներքեւ։ Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի խորհուրդի արտահերթ նիստը, որ գումարուեցաւ Թուրքիոյ հրաւէրով։ Դաշինքը պախարակեց Թուրքիոյ ենթարկուած ահաբեկչական յարձակումները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքար մղելու ուղղութեամբ։ ՆԱԹՕ-ի անդամները տեղեկացուցին նաեւ, թէ պիտի շարունակեն հետեւիլ Թուրքիոյ իրադարձութիւններուն։
Ներկայ դրութեամբ լուրջ հակազդեցութեան առարկայ կը դառնայ նաեւ ՀՏՓ-ի համակուսակցապետներէն Սելահատտին Տէմիրթաշ։ Ինչպէս ծանօթ է, ահաբեկչական բռնարարքները Թուրքիոյ մէջ այնպիսի իրավիճակ մը ստեղծեցին, որ գործնականօրէն կանգ առաւ քրդական արմատներով քաղաքացիներու խնդիրներու լուծման ուղղեալ գործընթացը։ Պետական աւագանին այս առումով պատասխանատուութիւն կը վերագրէ Սելահատտին Տէմիրթաշին։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Չինաստան մեկնելէ առաջ յայտնեց, թէ անկարելի է լուծման գործընթաց մը յառաջ տանիլ՝ եղբայրութեան դէմ դաւաճանածներու հետ։ Վերջին օրերու բուռն հակազդեցութիւններէն վերջ այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, թէ Անգարայի դատախազութեան կողմէ ամփոփուած են Տէմիրթաշի վերաբերեալ փաստաթուղթերը։