ՊՈՒՔՐԷՇԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ-ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Պուքրէշի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ քննարկում մը, որ նուիրուած էր Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ տեղահանեալ հայութեան ընկերային կացութեան։ Ռումանիոյ Կրօնից նախարարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ժողով-քննարկումը։ Արցախի պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման, տեղահանեալ հայերու առջեւ ծառացած մարդասիրական ծանր իրավիճակի վերացման միտուած Ռումանիոյ կառավարութեան եւ եկեղեցական համայնքներու ներգրաւման արտայայտութիւնն էր այս քննարկում-ժողովը, զոր գլխաւորեց Ռումանիոյ կրօնի նախարար Չիփլիան Օլինիչ։ Ներկայ էին ռումանահայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի քարոզչական կեդրոնի տնօրէն եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման գրասենեակի ղեկավար Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, Ռումէն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Տ. Վարլաամ Եպիսկոպոս եւ Ռումանիոյ զանազան եկեղեցիներէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։
Հաւաքոյթի ընթացքին օրուան նիւթը քննարկուեցաւ բազմակողմանիօրէն եւ բոլորին բաժնուեցան յատուկ գրքոյկներ, որոնք տեղեկութիւններ կը բովանդակէին քննարկուած նիւթերուն շուրջ։