ՅԱՏՈՒԿ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երկրի Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց. «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը վերջին երեք տարուան մեր դիրքորոշման արտայայտութիւնն է»։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ այս նախագծի ամենակարեւոր քաղաքական եւ գործառնական նշանակութիւնը այն է, որ տեսանելի կերպով Հայաստանը ցոյց կու տայ իր չափանիշները տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման վերաբերեալ։ «Վերջին երեք տարիներուն ամենաշատ քննարկուած նիւթերէն մէկը տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումն է եւ Հայաստանի մէջ ու Հայաստանէ դուրս Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան այս նիւթին շուրջ վերագրած են զանազան խոստումներ, զանազան պատրաստակամութիւններ, դաւադրութիւններ եւ այլն, եւ այսպէս շարունակ։ Եւ այս նախագծի ամենակարեւոր քաղաքական եւ գործնական նշանակութիւնը այն է, որ տեսանելի կերպով ցոյց տանք՝ ի՛նչ կ՚ուզենք, ի՛նչ պատրաստակամութիւն յայտնած ենք եւ այլն», ըսաւ ան։ Վարչապետը շարունակեց, որ ամենատարբեր միջազգային խօսակցութիւններու ընթացքին զանազան մեկնաբանութիւններ եղած են միջանցք բառի կամ սահմանումի վերաբերեալ։ Ուստի, Հայաստան ներկայիս իր սահմանումները ի յայտ կը բերէ տեսանելիօրէն։ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը իրականութեան մէջ նոր բան մը չէ, այլ վերջին երեք տարիներու ընթացքին հայկական կողմին դիրքորոշումներու, քննարկումներու եւ պայմանաւորուածութիւններու արտայայտութիւնը։

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ վերջին օրերուն միջազգային բեմահարթակի վրայ ընդգծեալ ձեւով օրակարգի վրայ կը բերէ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ Դէպի Լոնտոն պաշտօնական այցելութիւնը աւարտելէ վերջ Արարատ Միրզոյեան երէկ անցաւ Պրիւքսել։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Լոնտոնէն հրաժեշտ առնելէ առաջ Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցաւ Անգլիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաքի արտաքին քաղաքական հարցերով խորհրդական Ճոն Պիւյի եւ ազգային անվտանգութեան խորհրդական Սարա Մաքինթոշի հետ։ Հայկական կողմի ընթացիկ հրատապ օրակարգի խնդիրները շօշափելու առընթեր, Արարատ Միրզոյեան այս հանդիպումներուն ընթացքին միշտ խօսեցաւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին մասին։

Լոնտոնէն վերջ նախարարը անցաւ Պրիւքսել, ուր երէկ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան Քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումի 15-րդ տարեկան վեհաժողովին։ Բացի այս հաւաքոյթի ընթացքին ունեցած ելոյթէն, Արարատ Միրզոյեան Պրիւքսելի մէջ տեսակցեցաւ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի հետ։ Զուգահեռաբար Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն քաղաքական եւ անվտանգային հարցերով հերթական նիստը, որու ընթացքին կողմերը հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Պրիւքսելի ֆորումին ընթացքին Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստան ունի՝ մօտաւոր անցեալին Կրանատայի մէջ տեղի ունեցած քառակողմանի հանդիպումէն վերջ հրապարակուած սկզբունքներով Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու քաղաքական կամք։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023