ԱՆԾԱՆՕԹՆԵՐՈՒՆ ԿԱՊԸ…

Ծովափին յայտնուած են քով քովի։ Թէեւ նոյն նստարանի երկու ծայրամասերուն վրայ են, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ զիրար նոյնսիկ նկատած չըլլան։ Օտար են իրարու ու լրիւ անհաղորդ։ Անծանօթներու միջեւ տարրական քաղաքավարական կապ մը հաստատելու համար՝ ընդունուած ձեւերէն որեւէ մէկուն դիմելու կամքն ալ չունին, ակնյայտօրէն։ Արդէն զիրար չեն նկատած, որ մտածեն այդ մասին՝ որքան որ ալ ըլլան կողք կողքի։ Տարուած են իրենք իրենձմով՝ կեդրոնացած այդ ձեռքի խաղալիքներուն վրայ։

Իրենք ո՛չ, բայց, իրենց սմարթֆոնները հաստատ կապի մէջ են իրարու հետ. չի՞ բաւեր։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023