ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՄԱՏՆԱՆՇԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ԱՌԿԱՅ ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հերթական անգամ խօսեցաւ Ատրպէյճանի հետ առկայ անվստահութեան կապակցութեամբ։ 2024 թուականի պետական պիւտճէի նախագծին վրայ ծաւալուած քննարկումներու ծիրէն ներս, Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն երէկ Նիկոլ Փաշինեան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Եթէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան սկզբունքները համաձայնեցուած են, ապա ի՞նչ է խնդիրը, ինչո՞ւ համար չենք երթար, ինչո՞ւ չենք ստորագրեր խաղաղութեան պայմանագիրը։ Մեծ հաշուով պատճառը կողմերու միջեւ առկայ անվստահութիւնն է, որովհետեւ ամէն անգամ մենք Ատրպէյճանի, Ատրպէյճանն ալ, հաւանաբար, մեր յայտարարութիւններուն, որոշ գործողութիւններուն մէջ կը տեսնենք պայմանաւորուածութիւններէն հրաժարելու եւ ակրեսիւ գործողութիւններ ծրագրաւորելու մտադրութիւններ, ինչն ալ բացասաբար կ՚ազդէ խաղաղութեան պայմանագրի թեքստի աշխատանքին վրայ»։
Վարչապետը համոզուած է, որ յառաջիկային պէտք է յստակացուին եւս քանի մը առանցքային հարցեր, որոնցմէ մէկը խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան շուրջ հաւանական տարընթերցումներու յաղթահարման դրութեան ձեւաւորումն է։ «Դժբախտաբար, իրողութիւնը այնպէս է, որ իւրաքանչիւր նախադասութիւն երբեմն հնարաւոր կ՚ըլլայ տարբեր կերպով մեկնաբանել։ Հետեւաբար պէտք է շատ յստակ մեկնաբանութիւն ունենանք, թէ տարբեր մեկնաբանութիւններու պարագային ինչպէս այդ բոլորը պիտի յաղթահարենք։ Մնայուն անվտանգութեան երաշխիքներու ստեղծումն է, որ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումէն յետոյ որեւէ մագլցման հնարաւորութիւն չըլլայ։ Կառավարութիւնը մտադիր է աշխուժացնել այս հարցերու յաղթահարման ուղղեալ դիւանագիտական եւ քաղաքական աշխատանքը, իսկ ընթացքի մասին հանրութիւնը տեղեակ կը պահուի», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։
Անդրադառնալով Հայաստանի այս տարուան պետական պիւտճէին մէջ պաշտպանական ոլորտի ծախսերու բարձրացման՝ վարչապետը աւելցուց. «Սա պատերազմի նախապատրաստութիւն չէ, սա խաղաղութեան պատրաստութիւն է, որովհետեւ քաղաքացիներու պաշտպանուածութեան զգացումը խաղաղութեան եւ կայունութեան ամենակարեւոր երաշխիքն է։ Վստահ եմ, թէ բոլոր հարեւան երկիրները համոզուած են, որ մենք որեւէ մէկուն վրայ յարձակելու որեւէ մտադրութիւն չունինք»։
Մինչ Երեւանի ղեկավարութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Ճուանշեր Պուրչուլածէն, Պաքուէն երէկ հաղորդուեցաւ, որ Ատրպէյճան կը հրաժարի Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի հետ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպումէն։ Այս որոշման մէջ կարեւոր դեր խաղացած են ԱՄՆ-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ վերջերս կատարուած կարգ մը յայտարարութիւնները, որոնք ընկալուած են հայամէտ ու միակողմանի։ Հայկական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած էր Ուաշինկթընի մէջ նոր բանակցութիւններ վարելու ուղղութեամբ։ Իր կարգին, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելն ալ երէկ յայտնեց, որ Պրիւքսել կը շարունակէ ջանքեր գործադրել, որպէսզի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւնները վերսկսին՝ նպատակ ունենալով հասնիլ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման։ «Եւրոմիութիւնը լիովին հաւատարիմ կը մնայ եւ կը շարունակէ ջանքեր գործադրել Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն համար՝ առանց յետաձգման վերսկսելու», ըսաւ ան։