ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՃՈՒԱՆՇԷՐ ՊՈՒՐՉՈՒԼԱԾԷՆ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Կը հաղորդուի, որ վարչապետը նշեց, թէ Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւնները կը շարունակեն աշխոյժ զարգանալ։ Իր խօսքով՝ զանազան ոլորտներէ ներս կ՚արձանագրուի համագործակցութեան ընդլայնում, ինչ որ Հայաստանի կառավարութեան տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ եւ կը համարուի առաջնահերթութիւն։

Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան անվտանգային եւ պաշտանութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան եւ փորձառութեան փոխանակման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։

Հարկ է նշել, որ վերջին շրջանին հաղորդուեցաւ, թէ Հայաստան զանազան զինամթերքներ ապահոված է Ֆրանսայէն եւ այդ բոլորը Վրաստանէն տարանցուելով հասած են երկիր։ Ստեղծուած արձագանգներու մթնոլորտին մէջ Թիֆլիզ տեղեկացուցած է, որ իւրաքանչիւր երկիր իրաւունք ունի պաշտպանական զէնքերու տէր ըլլալու։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18, 2023