ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՁԵՒԱՉԱՓ

Երէկ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ Պէյօղլուի Ուսուցչաց տան երդիքին տակ։ Այսպէս, Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքին մէկտեղուեցաւ փոքրամասնութեանց վարժարաններու պատասխանատուներուն հետ։ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի ջանքերով կազմակերպուած հանդիպում մըն էր այս մէկը, որու մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը թրքահայ համայնքէն էին։ Այսպէս, աննախընթաց ձեւաչափով նախատեսուած էր այս հանդիպումը։ Պոլսահայ վարժարաններու մատակարար մարմիններու ատենապետները եւ կրթութեան գծով անդամները, հիմնադրի ներկայացուցիչները, տնօրէնները՝ բազմանդամ խումբի մը ձեւով մէկտեղուեցան նախարարին հետ։ Բացի հայ համայնքէն, յոյն, հրեայ եւ ասորի համայնքներու կրթական հաստատութիւններուն կողմէ պատասխանատուներ ալ ներգրաւուած էին հաւաքոյթին։ Յամենայնդէպս, մասնակիցներու գերակշիռ բաժինը մեր համայնքէն էին՝ նկատի ունենալով, որ հայերը Թուրքիոյ մէջ ամենաբազմանդամ ոչ-իսլամ փոքրամասնական խումբը կը հանդիսանան, եւս առաւել ամենաբարձր թիւով աշակերտներ ունեցող փոքրամասնութեան հաւաքականութիւնն են՝ հաստատութիւններու քանակի բարձրութիւնը ներառեալ։ Համայնքային վարիչները երէկուան հանդիպման ընթացքին ներկայացուցին հայկական վարժարաններու առկայ հարցերու կարգաւորման շուրջ իրենց մտահորիզոնը՝ առաջարկելով նաեւ գործնական լուծման շարք մը տարբերակներ։ Այս առթիւ ժողովի ատեն ծաւալուն թղթածրար մըն ալ յանձնուեցաւ նախարարին՝ պոլսահայ վարժարաններու ցանցի դիմագրաւած ծանր մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ։

Հաւաքոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Մխիթարեան լիսէի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի հանդիսավարութեամբ։ Հայ համայնքին անունով ելոյթներ ունեցան Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) կրթական յանձնախումբի ատենապետ Աքսել Թոփալեան, Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, որոնք թարգման հանդիսացան թրքահայ շրջանակներու սպասումներուն։ Բարձր մակարդակի ժամադրութիւնը առիթ ընձեռեց կարծիքի փոխանակումներու դրական մթնոլորտի մը, որու ընդմէջէն բիւրեղացան հրատապ առաջնահերթութիւններն ու անոնց նկատմամբ պետութեան վերաբերմունքին ազդանշանները։ Երէկուան հանդիպման առթիւ Լենա Ենիեորկան նախարար Եուսուֆ Թեքինին յանձնեց ծաղկեփունջ մը։ Դռնփակ հաւաքոյթէն վերջ մեր ստացած տեղեկութիւններով, քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան պոլսահայ վարժարաններու նիւթական հարցերը, աշակերտութեան թիւի նուազման թափը, ինչպէս նաեւ հայերէնի ուսուցման վերաբերեալ խնդիրները։

Պատգամաւոր Սվաճըօղլուի ջանքերով կազմակերպուած տեսակցութեան ընթացքին Եուսուֆ Թեքինի կողքին էին Ազգային կրթութեան նախարարութենէն շարք մը պատասխանատուներ։ Բացի Սվաճըօղլուէն, հաւաքոյթին մասնակցեցան նաեւ Իսթանպուլի կրթական տնօրէն տոց. տքթ. Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւր, նախկին նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Քայա, ինչպէս նաեւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Ալի Հայտար Եըլտըզ։ Թրքահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն առընթեր, յոյն համայնքին անունով արտայայտուեցաւ Տիմիթրի Ճոթս, հրեայ համայնքին անունով՝ Ռէօնէ Քասփի եւ ասորի համայնքին անունով՝ Ինճի Աթաճան։

Համայնքներու ներկայացուցիչներուն առընթեր, հաւաքոյթի ընթացքին թէ՛ նախարարը արտայայտուեցաւ եւ թէ սրտի խօսքեր արտասանեցին երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, քաղաքապետ Ալի Հայտար Եըլտըզ եւ նախկին նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Քայա։ Հարկ է նշել, որ Եուսուֆ Թեքին անցեալի մէջ պաշտօնավարած է՝ որպէս Ազգային կրթութեան նախարարութեան խորհրդատու։ Հետեւաբար, ան քաջատեղեակ է երկրի կրթական համակարգին, նախարարութեան ընդհանուր վարչամեքենային ու գործունէութեան եւ այս ամբողջին մէջ շատ լաւ կը տիրապետէ նաեւ փոքրամասնութեանց կրթական հաստատութիւններու վերաբերեալ խնդիրներուն։

Երէկուան ժողովին տեւողութեան ծաւալուած քննարկումները ունեցան քանի մը հիմնական ուղղութիւն։ Համայնքային վարիչները նախարարին տրամադրութիւնը շօշափեցին, թէ արդեօք փոքրամասնական վարժարանները դարձեալ պետութեան կողմէ նիւթական աջակցութիւն պիտի կարողանայի՞ն ունենալ կամ ոչ։ Այս առումով նախարարը այժմու պայմաններով կանաչ լոյս մը չվարեց։ Բաց աստի, անդրադարձ կատարուեցաւ պոլսահայ վարժարաններու՝ երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան խնդրին եւ ակնկալուեցաւ ամրակայման աշխատանքներուն կամ համապատասխան շինարարութիւններուն համար պետութան աջակցութիւնը։ Այս առումով ալ յոյս ներշնչելիք պատասխաններ չեն կարողացած ունենալ համայնքային վարիչները։ Սկիւտարի մէջ, Գալֆաեան տան տարածքի արժեւորման խնդիրն ալ հերթական անգամ յառաջ քշուած է համայնքային վարիչներուն կողմէ։ Աքսել Թոփալեան նշած է, որ այդ տարածքի արժեւորման հնարաւորութիւնը համայնքին առջեւ պիտի ընձեռէ նոր եկամուտներ ունենալու հորիզոնը, ինչ որ արդէն դպրոցներու բեռը կրնայ թեթեւցնել։ Սա, անշուշտ, դիւանակալական խորքային ծալքերով հարց մըն է եւ նախարարը իր կտրուածքով խորհրդածութիւններ կատարած է երէկուան ժողովին ժամանակ։ Երկրաշարժի դէմ դպրոցական շէնքերու ամրութեան հարցը մասնաւորապէս շօշափած է Մկրտիչ Արծիւեան, որ դիտել տուած է, թէ մեր բոլոր կրթօճախներու շէնքերը պատմական, հին կառոյցներ են եւ համապատասխան դիւանակալական ընթացակարգեր խնդրոյ առարկայ կը դառնան անոնց պարագային կատարուելիք աշխատանքներուն համար։ Ուստի, ան նշած է, որ պետական պատկան կառոյցներու համապատասխան վերաբերմունքը կ՚ակնկալուի այս ուղղութեամբ։

Հարկ է նշել, որ թրքահայ համայնքի ներկայացուցիչները երէկուան ժողովին մեկնելէ առաջ նախ մէկտեղուեցան Էսաեան սանուց միութեան մէջ, ուրկէ հաւաքաբար ուղուեցան Պէյօղլուի Ուսուցչաց տուն։

(Լուսանկարները՝ «Նախարար Թեքինի գրասենեակէն, երեսփոխան Սվաճըօղլուի գրասենեակէն եւ «Պոլիս ֆոթօ»)

 

 

 

 

 

 

 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18, 2023