«ԱՍՏՂԵՐՈՒ ՀԱՒԱՏՔՈՎ»

Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» սրահի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ հասարակական գործիչ ու գրող Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքին շնորհանդէսը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բնակի Վիգէն Յովսէփեան, որու բանաստեղծութիւններու ժողովածոն կը կոչուի՝ «Աստղերու հաւատքով»։ «Pasadena Antique Warehouse»ի մէջ միջոց մը առաջ տեղի ունեցած էր այս գիրքին առաջին գինեձօնը, իսկ շաբաթավերջին գործը ծանօթացուեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի մտաւորական շրջանակներն ալ մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին՝ այս ժամանակակից ստեղծագործութիւններուն նկատմամբ։ Արդարեւ, Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութիւնը մէկ կողմէ աւանդական գիծի շարունակութիւնն է, իսկ միւս կողմէ անոր մէջ զգալի է նոր շունչ մը։

«Աստղերու հաւատքով»ի մասին արտայայտուեցաւ հրապարակագիր-մեկնաբան Սագօ Արեան, որ եւս բանաստեղծ մըն է։ Սագօ Արեան այս առթիւ նշեց, որ հեղինակը Մերձաւոր Արեւելքի շրջանակէն սնունդ առած է իր բանաստեղծութիւններուն համար եւ անոր ստեղծած գրականութիւնը չի դաւաճանիր անցեալի պատկերներուն, որոնք մշտապէս զգալի են գիրքի էջերուն մէջ։

Վիգէն  Յովսէփեանի գիրքին մասին արտայայտուեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի գրադարանի հայկական ու վրացական բաժնի ղեկավար, նաեւ Քոլոմպիայի համալսարանի դասախօս Խաչիկ Մուրատեան, որ դիտել տուաւ, թէ ներկայիս աշխարհ անդառնալիօրէն փոխուած է, այլեւս կայ նոր աշխարհ մը եւ Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութիւնը այդ նոր աշխարհին դռները կը բանայ ընթերցողներուն առջեւ։ Բանաստեղծութիւններու ժողովածոյին մասին արտայայտուեցաւ նաեւ «Սիվիլնէթ» կայքէջի խմբագիր Աբօ Պողիկեան։

«Աստղերու հաւատքով»էն նմոյշներու ասմունքով հանդէս եկաւ Մարալ Գասպարեան, որ խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ։

Շնորհանդէսի յայտագիրը ունէր նաեւ հարցում-պատասխանի բաժին մը, որու ընթացքին Վիգէն Յովսէփեան սպառիչ պատասխաններ տուաւ իրեն ուղղուած հարցումներուն։

Լրագրող Վրոյր Թադէոսեանի հանդիսավարութեամբ գործադրուած յայտագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ Վիգէն Յովսէփեանի սրտի խօսքը։

Հուսկ, տեղի ունեցաւ գինեձօն եւ հեղինակը իր գիրքերը մակագրեց՝ ջերմօրէն շրջապատուած ըլլալով ներկայ գրասէրներուն կողմէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023