ՄԱՆԱՄԱՅԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պահրէյն, ուր մասնակցեցաւ Մանամայի երկխօսութեան գագաթաժողովին։ Ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու միջազգային կաճառին կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը համախմբեց աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ղեկավարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Արարատ Միրզոյեան այս հաւաքոյթի ընթացքին ներկայացուց՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը։

Կը հաղորդուի, որ Մանամայի մէջ Արարատ Միրզոյեան ունեցած է նաեւ շարք մը երկկողմանի տեսակցութիւններ։ Այսպէս, ան մէկտեղուած է Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Ապտ էլ Լաթիֆ պին Ռաշիտ ալ Զայանիի եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Զասեմ Մուհամմէտ ալ Պուտայվիի եւ Արաբական պետութիւններու լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմէտ Ապտիւլ Ղէյտի հետ։

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ՝ քննարկելով տարածաշրջանային հարցեր։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023