ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՌԻՍՔԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւանն ու Պաքուն տակաւին կը խօսին ամենատարբեր դիւանագիտական լեզուներով։
ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովը շաբաթավերջին աշնանային նստաշրջանը իրականացուց Երեւանի մէջ։ Նստաշրջանի մասնակիցներուն խօսք ուղղեց Նիկոլ Փաշինեան, որ ըսաւ. «Չափազանց կասկածելի կը թուի, որ Ատրպէյճանի մէջ բարձրագոյն հովանաւորութեամբ եւ, ըստ էութեան, պաշտօնական մակարդակի վրայ սկսած են Հայաստանի Հանրապետութիւնը կոչել «Արեւմտեան Ատրպէյճան»։ Սա մեզի կը թուի նոր պատերազմ, Հայաստանի դէմ նոր ռազմական բռնութիւն կազմակերպելու նախապատրաստութիւն եւ խաղաղութեան գործընթացի հիմնական խոչընդոտներէն մին է»։
Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան մասին։ Ան համոզուած է, թէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարեւորագոյն գործօն է՝ Հարաւային Կովկասի խաղաղ, զարգացող միջավայրի ռազմավարական տեսլականին համար։ Վարչապետը յոյս յայտնեց Հարաւային Կովկասը դարձնել տարածաշրջան մը, ուրկէ աշխարհին լաւ նորութիւններ կը մատակարարուին։
Միւս կողմէ, Փաշինեան Երեւանի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթը, որ Խորհորդարանական վեհաժողովի նստաշրջանին առթիւ այցելեց Երեւան։