ՕԿԻՒՆ ՍԱՄԱՍՏԻ ԴԷՄ ՆՈՐ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ՝ ՎԵՐՍՏԻՆ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՈՎ
Շաբաթավերջին Օսմանպէյի մէջ յարգանքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ նահատակեալ լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինքի։ Իր հիմնադրած «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան շէնքին առջեւ, հանրահաւաքի մը ձեւաչափով նախատեսուած էր այս ցոյցը, որու մասնակիցները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին՝ Հրանդ Տինքի ոճրագործին՝ Օկիւն Սամաստի բանտէն ազատ արձակուելուն դէմ։ Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինքն ալ ներկայ էր այս հաւաքոյթին, որու ընթացքին զինքը շրջապատելու փութացած էին նաեւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Էօզկիւր Էօզէլ եւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին։ Ձեռնարկի ընթացքին հնչեցին ելոյթներ, որոնց ընթացքին բոլորը բողոք յայտնեցին Օկիւն Սամաստի ազատ արձակման դէմ։
Միւս կողմէ, տեղական մամուլը այսօր կը գրէ, որ Օկիւն Սամաստ կրնայ դարձեալ բանտարկուիլ։ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը ներկայիս պատրաստած է նոր ամբաստանագիր մը։ Այսպէս, նոր մեղադրականին մէջ շեշտուած է, որ Հրանդ Տինքը սպաննած ժամանակ Օկիւն Սամաստ 17 տարեկան էր, ան թէեւ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ չէր, սակայն անոր անունով յանցանք գործած է։ Ուստի, դատախազութիւնը պահանջած է, որ այս մեղադրանքով Օկիւն Սամաստ վերստին դատուի եւ պատժուի։ Դատախազութիւնը 7-12 տարի ազատազրկում կը պահանջէ Օկիւն Սամաստի համար։