ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԼԱՐՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎ

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վը ե­րէկ ար­տա­հերթ նիստ մը գու­մա­րեց՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան օ­րա­կար­գով։ Միօ­րեայ աշ­խա­տան­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ՃՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խան Շա­ֆաք Փա­ւէ­յի նա­խա­գա­հու­թեամբ եւ ան­ցաւ բա­ւա­կան լա­րուած մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու յայտ­նեց, թէ պէտք չէ փոր­ձել Թուր­քիոյ համ­բե­րու­թիւ­նը։ Իր կար­գին, Փոխ-վար­չա­պետ Պիւ­լենտ Ա­րըն­չըն ալ ը­սաւ, որ ՓՔՔ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը չա­րա­շա­հած է լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Միւս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ալ ե­լոյթ­նե­րէն վերջ տե­ղի ու­նե­ցաւ քուէար­կու­թիւն։ Այս­պէս, ՃՀՓ­-ի կող­մէ կը պա­հան­ջուէր խորհր­դա­րա­նա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նաց­նել՝ ա­հա­բեկ­չա­կան հար­ցե­րուն եւ ա­նոր դէմ ձեռ­նար­կուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ ՃՀՓ­-ա­կան­ներն ու ՀՏՓ­-ա­կան­նե­րը կողմ քուէար­կե­ցին հա­մա­պաս­խան նա­խագ­ծին։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը ըն­թացք չտուաւ։ Կարգ մը ՄՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խան­նե­րու ալ զօ­րակ­ցու­թեամբ բա­նա­ձե­ւը մեր­ժուե­ցաւ։ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լի ը­սաւ, թէ այդ­պի­սի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը պի­տի նպաս­տէր միայն ՓՔՔ­-ին եւ ՀՏՓ­-ին։

Մինչ այդ, Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն ազ­դու հա­րուած­ներ հասց­նել «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» եւ ՓՔՔ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան խորհր­դա­տու դես­պան Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու այ­ցե­լեց Էր­պիլ, ուր հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նիի հետ։ Բաց աս­տի, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­ներն ալ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խը կրնայ ա­մէն պահ օգ­տա­գոր­ծուիլ։

Միւս կող­մէ, ե­րէկ Շըր­նա­քի մէջ պայ­թե­ցուե­ցաւ Քեր­քիւք-Եու­մուր­թա­լըք նաւ­թա­մուղ խո­ղո­վա­կա­շա­րը, ո­րով Ի­րա­քէն քա­րիւղ կը փո­խադ­րուի Թուր­քիա։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015