ԱՀՄԱՏ ԽԱԼԷՏ ԹԱՈՒՖԻՔ (ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ)
Ահմատ Խալէտ Թաուֆիք: Ծնած է 10 յունիս 1962-ին: Մահացած է 2 ապրիլ 2018-ին: Եգիպտացի գրող, համալսարանի դասախօս, բժիշկ, թարգմանիչ: Համարուած է գրականութեան սարսափ ժանրի առաջին հեղինակը: Հեղինակած է երեւակայական պատումներ: Կոչուած է կնքահայր «Godfather»:
Իր գրական գործունէութիւնը սկսած է հեղինակելով «Բնութենէն այն կողմ» երեւակայական պատումներու շարքը: Հեղինակած է «Ութոպիա» պատմուածքը 2008-ին, որ թարգմանուած է զանազան լեզուներով: Ինչպէս նաեւ հեղինակած է այլ գիրքեր եւս, ինչպէս՝ «Այրուելու ենթակայ պատումներ», «Խելք առանց մարմինի», «Հիմա սնտուկը կը բանամ (երեք հատորով)»:
Թաուֆիք նաեւ ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ, որոնց մէջ երիտասարդները յուզող հարցերու մասին անդրադարձած է: Թարգմանած է մի քանի գիրքեր ու գրութիւններ, ինչպէս՝ «Սարսափի դողը» շարքը, «Կռուելու ակումբը», «Տիրմաֆորիա» եւ «Չէ Կեվարա», եւ այլն:
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն Ահմատ Խալէտ Թաուֆիքէն փունջ մը մտածումներ կը ներկայացնենք:
• -Յարաբերութիւն մը յանկարծ կրնա՞յ աւարտիլ:
-Այո՛:
-Առա՞նց պատճառի:
-Այո՛:
-Ինչպէ՞ս...
-Փոքր բաները իրարու վրայ բարդուելով, որ առանձինն պատճառ չէինք համարեր զանոնք, որ կրնան յարաբերութիւն մը քանդել:
• Եւ երբ հարցուցի անոր, թէ ո՞վ կը նախընտրես՝ Տոսթոեւսկի՞ն, թէ՞ Պոքովսկին:
Պատասխանեց.
-Ես ֆութպոլով չեմ հետաքրքրուած, եւ ազատ ժամերուս կը նախընտրեմ գիրք կարդալ:
• Կինը կը սիրէ իր ամուսինը ո՛չ թէ որովհետեւ ամենազօրաւորն է մարդոց մէջ, ո՛չ ալ որովհետեւ բարետես է, ո՛չ ալ որովհետեւ հարուստ է, այլ՝ որովհետեւ պարզապէս ի՛նքն է… իր տկարութեամբ ու զօրութեամբ: Տակաւին, սէրը ուժի ցուցադրութիւն չէ, այլ՝ տալու մնայուն եռանդ, ջերմ ու մնայուն:
• Աշխարհի վրայ ամենէն գէշ չարչարանքը այն անձն է, որ կը յամառի խօսելու, երբ դուն մտահոգութիւններով ծանրաբեռնուած ես. կը փափաքիս լուռ մնալ եւ լսել մտածումներուդ:
• Մեռնելէն չեմ վախնար…: Կը վախնամ մեռնիլ նախքան ապրիլս:
• Հոգեկան խնդիրներու միակ լուծումը՝ անգործ մի՛ մնար, միայնակ մի՛ մնար:
• Երանի՜ աշխարհ եկած ըլլայինք հեռատեսիլի եւ շարժանկարի հնարումէն առաջ, որպէսզի գիտնայինք, թէ ա՞յս է սէրը իրապէս, թէ մենք պարզապէս կ՚ընդօրինակենք զայն:
• Մեր ընկերութիւնը աւարտեցաւ ո՛չ թէ վէճով մը կամ դաժան կեցուածքով մը, այլ՝ զզուելու եւ աստիճանական ձանձրոյթի պատճառով…: Ինչ որ կամաց-կամաց կ՚աւարտի, արագ չի՛ վերադառնար… երբեք չի՛ վերադառնար:
• Ձգեցէք ինծի այն ինչ որ մնաց ինձմէ:
• Ամաչկոտութիւնը կը բխի դուն քու մասիդ երեւակայած չափազանցուած պատրանքէն… Դուն այդքան ալ կարեւոր չես՝ ինչքան կը կարծես… Երբե՛ք կարեւոր չես եւ ո՛չ ոք կայ որ ուշադրութիւն դարձնէ ամաչկոտութեանդ կամ սխալներուդ:
• Եւ զգացի որ հոգիիս մէջ ծակ մը կայ… Ծակ մը, որ կը լայննայ…, ու կը քաշէ իմ բոլոր յիշատակներս, կեանքս եւ երազներս: Փափաքեցայ, որ ճանչցածս մարդոցմէ մէկը մօտս ըլլար, խօսէի անոր ամէն բան, պատմէի անոր այս ծակին մասին:
• Ինքնավստահութիւնը դատարկ խօսք է…: Պիտի զարմացնեն քեզ այն բոլոր բաները զորս չես գիտեր ու չես գիտակցիր անոնց մասին…: Կարեւորը վստահ ըլլալդ է կարողութիւններուդ՝ թէ աւելի լաւ պիտի ըլլաս:
• Սալէմ Աղան ըսաւ ինծի.
-Դուն շա՜տ կը կարդաս, դուն խենթ ես:
Ըսի անոր.
-Կարդալը ինծի համար հաշիշի աժան տեսակ մըն է, որու միջոցաւ կը կտրուիմ իրականութենէն: Անցեալին, երեւակայէ, կը կարդային որպէսզի գիտակցութիւն ձեռք բերէին:
• Տարիները շատ բան կը փոխեն: Անոնք կը ձեւափոխեն լեռները…, ո՜ւր մնաց որ անհատականութիւնդ չփոխեն:
• Բաւարար չէ որ մոռնաս զինք… Պէտք է մոռնաս նաեւ որ մոռցար զինք:
• Իւրաքանչիւր մարդու կեանքին մէջ պահ մը կայ, որմէ ետք կեանքը այլեւս նախկինին պէս չ՚ըլլար:
• Օրին մէկը այս գիրքերը պիտի կարդամ ու լաւ պիտի ըլլամ [զգամ]…, բայց ո՛չ այսօր:
• Ենթադրելի է, որ զարմանալու ժամանակները անցած են եւ ամէն ինչ այլեւս հաւատալի դարձած է:
• Լաւատեսութեան սահմանումը.
Եթէ հրամանատարը իր զինուորներուն ըսէ, թէ վտանգաւոր է գործողութիւնը եւ թէ կը կարծէ, թէ 100 զինուոէրն 99-ը պիտի մեռնին, ապա լաւատեսութիւնը այնպէս կ՚ընէ, որ իւրաքանչիւր զինուոր նայի իր ընկերներուն եւ ինքն իրեն ըսէ.
-Մե՜ղք են ընկերներս:
• Բարիք ըրէ ու ծով նետէ…, պայմանով որ ոեւէ մէկը տեսնէ քեզ որ այդ կ՚ընես…, եւ այդ ատեն ուրիշներուն պիտի տեղեկացնէ, թէ՝ ո՛չ միայն բարիք կը գործես, այլեւ ծովուն մէջ ալ կը նետես:
• Կեանքիս մէջ իւրաքանչիւր դժուարութեան մէջ կը սպասեմ այն բանը, որ մէջս էր՝ եւ չէի գիտեր թէ մէջս էր, որպէսզի գայ եւ զիս այդ դժուարութենէն հանէ: Հիմա, ես այդ բանը կը սպասեմ:
• Երբ կրակի հոտը կ՚առնես եւ չորս կողմիններդ չես զգուշացներ, այդպիսով ձեւով մը նպաստած կ՚ըլլաս այդ կրակի վառելուն:
• Պիտի ամուսնանար անոր հետ, սակայն վստահելի աղբիւրէ մը իմացաւ, թէ ան ամուսնութեան պիտանի չէ՝ ո՛չ նիւթապէս, ո՛չ առողջապէս, ո՛չ ալ բարոյապէս...: Որոշ ժամանակ ետք սակայն, իմացաւ թէ այդ վստահելի աղբիւրը ամուսնացած է անոր հետ:
• -Մինչեւ վե՞րջ:
-Ի՞նչ:
-Յաւիտեան պիտի սիրե՞ս զիս:
-…Մինչեւ աստղերը այրին եւ աշխարհները [տիեզերքը] վերանան…:
Մինչեւ մոլորակները իրարու զարնուին, արեւները վերանան,
Մինչեւ լուսինը մարի, ծովերն ու գետերը չորնան…:
Մինչեւ ծերանամ, յիշողութիւններս մաշին…
Մինչեւ լեզուս անկարող դառնայ անունդ տալ…
Մինչեւ որ սիրտս վերջին անգամ բաբախէ…:
Միայն այդ ատեն թերեւս դադրիմ,
Թերեւս…:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024