Ուսուցչաց օրուան առթիւ կոչ

Այսօր Ուսուցչաց օրն է։ Կրթական մշակներու մեծարման, անոնց նկատմամբ յարգանքի թարմացման, երախտագիտական արտայայտութեան հերթական փուլը… Պոլսահայ կրթական համակարգն ալ կը նշէ Ուսուցչաց օրը՝ ուրոյն ձեւով եւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին յարիր աւանդութիւններով։

Կրթական մշակներու նկատմամբ վերաբերմունքը, անոնց վարձատրութեան մակարդակը, անոնց ծաւալած գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը եւ համապատասխան սպասումները միշտ օրակարգի վրայ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնեն։ Թրքահայ կեանքի առկայ բոլոր մտահոգութիւններուն ու տագնապներուն հետ ուղղակի կապ ունին կրթական մշակներու վերաբերեալ նիւթերը։ Այդ երկուքի խորքային ծալքերը կը համընկնին՝ ինքնութեան պահպանութեան եւ մա՛նաւանդ՝ մայրենիի փոխանցման հասարակաց յայտարարին վրայ։

Թէեւ մարդակերտման եւ դաստիարակչական աշխատանքը ամբողջ մըն է, որեւէ առարկայ մէկ ուրիշին բաղդատմամբ գերադաս չէ, սակայն, համայնքային վարժարաններու պարագային առաջին հերթին խոշորացոյցի տակ են հայերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։ Ուստի, այս տարուան Ուսուցչաց օրը պատեհ առիթ է անոնց խօսք ուղղելու համար։ Սա կարեւոր է, որովհետեւ վերջին տարիներուն աննախընթացօրէն խաթարուած է դպրոց-մամուլ կապը, խզուած է անոնց ո՛չ միայն յարաբերութիւնները, նաեւ համագործակցութիւնը։

Բոլորին յայտնի է, որ կրթական մշակները կը գործեն մեծ զոհողութիւններով։ Հայերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները առաւել եւս դժուար պայմաններու ներքեւ կ՚աշխատին, որովհետեւ ջլատիչ հանգամանքներ խնդրոյ առարկայ են իրենց պարագային։ Այլեւս նոյնիսկ չենք զարմանար, որ ծնողները կը գանգատին հայերէնի պարագային բծախնդրութենէ կամ խստապահանջութենէ։ Հայերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները այս բոլորին դէմ անպաշտպան են, որովհետեւ վարժարաններու ղեկավարութիւններն ալ վարչական կամք չեն դրսեւորեր անոնց ի նպաստ եւ համատարած անսկզբունքայնութեան յորձանուտին մէջ հայերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները զրկուած են ամէն տեսակ կռուանէ։ Մետայլի միւս երեսակին, պէտք է խոստովանիլ, որ հետզհետէ կ՚ընդհանրանան այն ցաւալի դրսեւորումները, երբ առանց տատամսումի ականատես կը դառնանք, որ հայերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներն ալ անհրաժեշտ մակարդակով ու չափով չեն տիրապետեր մայրենիին եւ կէս ու կիսկատար գիտելիքներով կը ջանան մայրենին ջամբել նոր սերունդին։ Այստեղ, անշուշտ, մութ կէտ մըն է՝ նոր սերունդէ հայերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու պատրաստութեան համար համակարգի մը չգոյութիւնը։ Վարժարաններու ղեկավարութիւնները այս խնդրին մէջ լուրջ դեր ունին, որովհետեւ որեւէ միջոց յատկացնել չեն նախատեսեր այս նպատակին համար, նաեւ իրերանման առաքելութեամբ հաստատութիւններ համակարգուած ծրագիրներ չեն մշակեր։ Գաղտնիք չէ, որ խօսակցական հարթութեան վրայ բոլորը մայրենիի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան վերաբերեալ պոռոտախօսութիւններ կ՚ընեն, սակայն, գործնականին մէջ կը մարսեն, որ հայկական դպրոցներուն մէջ հայերէնը դասաւանդուի առերեւոյթ։ Բոլորը հաշտուած են՝ հայերէնի ուսուցման թատրոնով։

Վարչական կամքի բացակայութեան, ինքնագլուխ անհեռանկար գործունէութեան ճիրաններուն մէջ հայերէնը ապագայ կը փնտռէ հայկական դպրոցին մէջ։ Սա հիմնական ցուցանիշն է՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս առկայ այլանդակութեան հասած համեմատութիւններուն մասին։

Այստեղ հարցը միայն երեւոյթները արձանագրելն ու անոնցմէ գանգատիլը չէ։ Իւրաքանչիւր ախտաճանաչում պէտք է ունենայ ի շարունակութիւն դարմանում մը։ Այդ դարմանումը բաւական բարդ է, լուրջ պայքար եւ համակարգուած աշխատանք կ՚ենթադրէ, նաեւ այսօրուան պայմաններով կը թուի ըլլալ բաւական անյոյս. այնքան անյոյս, որ մարդիկ նոյնիսկ շարժման անցնելու եռանդ չեն գտներ։

Ուսուցչաց օրուան առթիւ կոչ կ՚ուղղենք մեր կրթական մշակներուն, որպէսզի վերստին թափ ստանայ դպրոց-մամուլ համագործակցութիւնը։ Այսօր հայերէնով արտադրող մամլոյ սպասաւորներն ու հայերէն դասաւանդող կրթական մշակները թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս դարձած են խոցելի խումբեր։ Անոնք սիստեմաթիք ձեւով կը թիրախաւորուին, կը լուսանցքայնացուին, կը հեղինակազրկուին եւ այսօրուան վարչական մտայնութիւնը հետամուտ է անոնց վզին շուրջ օղակը հետզհետէ սեղմելու։

Թող մնա՞յ այսպէս…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

editor@jamanak.com

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 24, 2023