ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՓԵՔԻՆ ԱՅՑԸ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Փե­քին կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Շի Ճին­փին­կի կող­մէ։ Էր­տո­ղան բարձր ա­րա­րո­ղա­կար­գով դի­մա­ւո­րուե­ցաւ եւ ու­նե­ցաւ բազ­մա­կող­մա­նի շփում­ներ։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը Փե­քի­նի մէջ յայտ­նեց, որ Թուր­քիա ռազ­մա­վա­րա­կան տե­սան­կիւ­նէ կ՚ըն­կա­լէ Չի­նաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Էր­տո­ղա­նի այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ստո­րագ­րուե­ցան նաեւ շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր։

Շի Ճին­փինկ, որ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րի­քով մըն ալ մե­ծա­րեց Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նը, յի­շե­ցուց, թէ ան ար­դէն եր­րորդ ան­գամ կ՚այ­ցե­լէ Չի­նաս­տան։ Սա ա­պա­ցոյց մըն է Էր­տո­ղա­նի կող­մէ Թուր­քիա-Չի­նաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ ըն­ծա­յուած կա­րե­ւո­րու­թեան։ Ճին­փինկ յայտ­նեց, թէ ի­րենք կը մաղ­թեն թուրք-չի­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ուղ­ղու­թիւ­նը ճշդել, բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ընդ­լայ­նել եւ հարս­տաց­նել։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015