ՎՐԱՍՏԱՆ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ՈՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Պաքուի մէջ։ Այս առթիւ Իրակլի Ղարիպաշվիլի յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մօտ ժամանակներուն կը ստորագրուի խաղաղութեան համաձայնագիր մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները տեսակցութեան ընթացքին շօշափեցին աշխարհի եւ տարածաշրջանի անվտանգութեան հարցերը։ Անոնք անդրադարձան նաեւ տնտեսական ծրագրերու։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 25, 2023