ԲԱՐԵՓՈԽՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ
Անուշ Թրուանց մեզի կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութեան նիստերու դահլիճի երդիքին տակ սկսաւ «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները» խորագրեալ երկօրեայ համաժողովը, որու կազմակերպիչներն են Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ ակադեմիոյ «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառը: Այսօր կ՚եզրափակուի համաժողովին շրջագծով ձեռնարկուած ծաւալուն աշխատանքը, որ կ արեւոր նշանակութիւն ունի հայերէնի բարեփոխման որոնումներուն տեսանկիւնէն։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այս առթիւ յիշեցուց, թէ մօտաւորապէս հարիւր տարիէ ի վեր քննարկումներու առարկայ են հայոց լեզուին ուղղագրութիւնը եւ անոր երկու ճիւղերուն խըն-դիրները։
Համաժողովը հայկական աշխարհի գլխաւոր գիտական հիմնարկին մէջ համախմբած էր արեւմտահայերէնի հարցերով մտահոգ մօտաւորապէս տասնեակ մասնագէտներ՝ լեզ-ւաբաններ, գրողներ, հայագէտներ, դասագիրքերու հեղինակներ, խմբագիրներ: ըՍ-փիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համաժողովին բացումը կատարեց Հրանոյշ Յակոբեան, որ ողջունեց համայն հայութեան համար կարեւոր նկատուող սոյն համաժողովին մասնակցիները։ Ան ըսաւ. «Համոզուած եմ, որ մայրենի լեզուի երկու ճիւղերուն նուիրուած այս գիտաժողովը իր նպաստը կը բերէ մեր լեզուի միասնական զարգացման ու գործածութեան, պահպանութեան, կանոնակարգման ու գիտական ուսումնասիրութեան, անաղարտութեան պահպանութեան, ուսուցման խնդիրներուն վերաբերեալ նախաձեռնութիւններու, ծրագրերու, գործողութիւններու առաջադրման ու իրագործման համար: Մօտաւորապէս հարիւր տարի է, որ հայոց լեզուի ուղղագրութիւնը եւ անոր երկու ճիւղերու խնդիրները դարձած են քննարկումներու առարկայ»:
Յակոբեան ըսաւ, որ նախորդ դարասկիզբին տեղի ունեցած եղեռնական դէպքերը պատճառած են նաեւ լեզուական անդառնալի կորուստներ, որոնց յաղթահարման ուղղութեամբ կան շատ ընելիքներ: «Անդառնալի կորուստի մատ-նըւեցան տասնեակ արեւմտահայ բարբառներ, իր պատմական հայրենիքէն եւ բնականոն զարգացման հնարաւորութենէն զրկուեցաւ գրական արեւմտահայերէնը, որ ծուէն-ծուէն եղած գոյամարտ կը մղէ աշխարհի չորս ծագերուն: Ան մեծ աջակցութեան կարիք ունի, քանզի Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնը ունի հայապահպանման կարեւորագոյն նշանակութիւն: Մայրենին, իրաւամբ, տունն է հայուն՝ աշխարհի չորս ծագերուն», շարունակեց ան:
Բաց աստի, Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ Սփիւռքի կառոյցները անուրանալի դեր մը ունին լեզուապահպանութեան առումով եւ այդ կառոյցներու ջանքերը անժխտելի են: Նախարարը կարեւորեց նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ դերը եւ մանաւանդ՝ աջակցութիւնը՝ լեզուի պահպանման հարցին մէջ: «Բարձր գնահատանքի արժանի է յատկապէս Հայ Եկեղեցւոյ աջակցութիւնը այս հարցին գծով: Հայաստանի մէջ եւս աշխատանքներ կը տարուին արեւմտահայերէնի ուսումնասիրման, ուսուցման, դասագիրքերու եւ ուսումնական այլ նիւթերու ստեղծման ասպարէզէն ներս», ընդգծեց ան:
Կարեւորելով պետական աջակցութիւնը այս հարցին մէջ՝ Յակոբեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը, ի դէմս Սփիւռքի նախարարութեան, կը համագործակցի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ, համալսարանական հաստատութիւններու, գիտամշակութային զանազան կազմակերպութիւններու հետ՝ արեւմտահայերէնի կիրառման ոլորտներու ընդլայնման, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման, հայրենազրկուած եւ կորուստի մատնուած բարբառներու նշխարները հաւաքելու եւ ի մի բերելու համար: «Մենք պարտաւոր ենք արեւմտահայերէնը պահպանել, մեր լեզուն անաղարտ պահել եւ ապահովել հայերէնի միասնական զարգացումը՝ իբրեւ ազգային միասնութեան պահպանման եւ պետականութեան զարգացման կարեւորագոյն գործօն», աւելցուց Յակոբեան:
Ամփոփելով իր խօսքը՝ Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձաւ նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան այն բազում ծրագրերուն, որոնք միտուած են նպաստելու Սփիւռքի մէջ լեզուապահպանութեան եւ այդ ճանապարհով՝ ազգապահպանութեան: Նախարարը թուարկեց այդ ծրագրերը. օրինակ՝ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց, «Արի տուն», «Ելեկտրոնային գրադարան», «Արեւմտահայերէնէն արեւելահայերէն եւ հակառակը փոխարկիչ», «ԱՊՀ-ական երկիրներու հայ համայնքներու կրթամշակութային խնդիրներու լուծման ուղղուած աջակցութիւն», «Հայոց լեզուի ուսուցման հեռուստադպրոց», «Ուսուցիչներու գործուղում՝ հեռաւոր տարածաշրջաններ», «Արեւմտահայերէնին վերաբերեալ գիտական հետազօտութիւններու խրախուսում» եւայլն:
Դիմելով ներկայ գիտնականներուն, մտաւորականներուն, մանկավարժներուն՝ Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, թէ կ՚ակնկալէ, որ բոլորը հանդէս գան իրավիճակի վերլուծութիւններով, դիտարկումներով, մանաւանդ՝ առաջարկներ ներկայացնեն, թէ ինչպէ՛ս հնարաւոր է համատեղ ուժերով աջակցիլ լեզուապահպանութեան, Սփիւռքի հետ գիտական եւ կրթական կապերու ամրապնդման, արեւմտահայերէնի դասաւանդման, ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագրերու եւ այդ ծրագրերը իրագործելու միջոցներու բարեփոխման: Նախարարը յոյս յայտնեց, որ կու գայ ժամանակ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդումը որակական նոր մակարդակի մը կը բարձրանայ, եւ հայերէնի երկու ճիւղերը կը զարգանան համընթաց ու միասնական՝ զիրար լրացնելով եւ փոխադարձ հարստացնելով:
Նախարարի բացման խօսքին յաջորդեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադամիոյ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանի ողջոյնի խօսքը: Ան հանդէս եկաւ յանուն ակադեմիոյ ղեկավարութեան ու նոյնպէս կարեւոր համարեց համաժողովին դերը՝ հայոց լեզուի երկու ճիւղերու մերձեցման առընչուող խնդիրներու լուծման տեսանկիւնէն։ Սուվարեան նշեց, որ միակ համաժողով մը բաւական չէ նման շատ կարեւոր հարցերու ընթացք տալու համար եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային վերականգնուող Հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդը եւս իր կարգին պիտի նպաստէ այդ խնդիրներու լուծման: Թէ՛ Եուրի Սուվարեան եւ թէ յաջորդ ատենախօսը՝ «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեան համաժողովի օրակարգին վրայ ընդգրկուած հարցերու լուծման մէջ մեծապէս կարեւորեցին «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառին մէջ ստեղծուած եւ աշխուժօրէն գործող արեւմտահայերէնի բաժինը:
Ըստ ծրագրին, համաժողովի առաջին զեկուցողն ալ եղաւ Վիքթոր Կատուալեան, որ ուսումնասիրութիւն մըն ալ պատրաստած էր՝ հայոց լեզուի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն շուրջ, 1915-էն դար մը անց։