«ՔԵԶ ՀԱՄԱՐ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ»

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարի եւս կազմակերպեց իր հերթական նուիրահաւաքման արշաւը։ «Քեզ համար Հայաստան» կարգախօսով կազմակերպուած այս տարուան մարաթոնի արդիւնքով հանգանակուեցաւ 8 միլիոն 400 հազար ամերիկեան տոլար։ Սա հիմնադրամի 26-րդ նուիրահաւաքման արշաւն էր։

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, 2023-ի հեռուստամարաթոնի շրջանակներէն ներս Հայաստանի մէջ հանգանակուած է 552 հազար 372 տոլար։ Ֆրանսայի մասնաճիւղը հաւաքագրած է՝ 3 միլիոն 250 հազար տոլար, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը՝ 3 միլիոն 100 հազար տոլար, Գանատայի մասնաճիւղը՝ 500 հազար տոլար, Անգլիոյ մասնաճիւղը՝ 450 հազար տոլար, Արժանթինի մասնաճիւղը՝ շուրջ 160 հազար տոլար։ Նուիրատուութիւններ ապահովուած են նաեւ Հոլանտայէն (100 հազար տոլար), Պրազիլէն (92 հազար տոլար), Զուիցերիայէն (50 հազար տոլար), Աւստրալիայէն (27 հազար տոլար), Գերմանիայէն (66 հազար 400 տոլար), Աւստրիայէն (25 հազար 900 տոլար) եւ Ռումանիայէն (4 հազար 360 տոլար)։

Այս միջոցները պիտի տրամադրուին Արցախէն բռնի տեղահանեալներու կենսական պայմաններու բարելաւման, ինչպէս նաեւ սահմանամերձ համայնքներու զարգացման ուղղեալ ծրագիրներու գանձատրման նպատակով։

Հարկ է նշել, որ առկայ նուրբ շրջանին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած հանգանակութիւնը չէ հասած 10 միլիոն ամերիկեան տոլարի շեմին։ Ուշագրաւ է նաեւ, որ թէկուզ առաջին անգամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին կողմէ կատարուած հանգանակութիւնը աւելի նուազ եղած է՝ Ֆրանսայի հանգանակութեան բաղդատմամբ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2023