ՄԻԱԿ ԵՐԱՇԽԻՔԸ՝ ՄՈՍԿՈՒԱՆ

Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ թէեւ կը փորձեն Ռուսաստանը դուրս մղել Ղարաբաղէն, սակայն բացի անկէ ոչ ոք կրնայ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան նոյնպիսի երաշխաւոր մը ըլլալ։

«Իսկապէս, շարք մը երկիրներ կը փորձեն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը ապակայունացնել, ինչ որ, ի դէպ, պատճառ դարձաւ Ատրպէյճանի յայտարարութեան, թէ այդ երկիրները դժուար թէ յաւակնին միջնորդի որեւէ դերի, որովհետեւ միակողմանի դիրքորոշում որդեգրած են։ Եւ, անշուշտ, նման միակողմանի դիրքորոշում ունենալով բան մը պնդելը թէ՛ անհնար է եւ թէ անտեղի», յայտնեց Փեսքով։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2023