ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ

Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ շաբաթավերջին պաշտօնապէս հաստատուեցան դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շաբաթավերջին երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուեցաւ համապատասխան արձանագրութիւն մը։ Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ փաստաթուղթի ստորագրումը։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեանն ու Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Սուլթան պին Ապտուլլահ ալ Լուայհան ալ Անքարի ստորագրութիւն դրին այս փաստաթուղթին։

Երեւանի եւ Ռիատի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու ի վերջոյ հաստատումը շաբաթավերջին հայկական լրահոսին վրայ ստեղծեց լայն արձագանգ։ Արդարեւ, երկար տարիներէ ի վեր անոնք չէին կրցած ապահովել դիւանագիտական յարաբերութիւններու ձեւաւորումը՝ հակառակ կատարուած փորձերուն։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան այս կապակցութեամբ շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու սկզբնական շրջանին երկու երկիրները պիտի չունենան՝ իրարու մայրաքաղաքներու բնակիչ դեսպաններ։ Յարաբերութիւններու զարգացման ու խորացման զուգընթաց՝ Երեւանի եւ Ռիատի մէջ կրնան դեսպանատուներ բացուիլ յառաջիկային։

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտաւ նաեւ, որ Հայաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ ալ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղեալ աշխատանքներ կը տարուին։ Երեւան-Իսլամապատ առանցքին վրայ ալ երկար ատենէ ի վեր հնարաւոր չ՚ըլլար կարգաւորուած յարաբերութիւններ մշակել։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2023