ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ՏԱՂԱՒԱՐ

Հայաստան այս տարի առաջին անգամ կը մասնակցի Սթրազպուրկի մէջ Ս. Ծնունդի առթիւ կազմակերպուած մեծ տօնավաճառին։ Ամբողջ Եւրոպայի մէջ լայն ճանաչում կը վայելէ այս տօնավաճառը, որ ունի խոր աւանդութիւններ։ Պատմական քաղաքի ամբողջ կեդրոնին բացօթեայ կազմակերպուած տօնավաճառը կը ձեւաւորէ խանդավառ մթնոլորտ մը, ուր կը միահիւսուին համաեւրոպական եւ համաքրիստոնէական կենցաղն ու արժէքները, անշուշտ, բովանդակելով նաեւ համակեցութեան պատգամ մը։

Ամէն տարի նոյեմբերի 24-ին կը սկսի եւ դեկտեմբերի 24-ին աւարտին կը հասնի այս տօնավաճառը, որուն Հայաստանի կողմէ բերուած մասնակցութիւնը աննախընթաց է։ Հայաստանի հիւրընկալ տաղաւարը զետեղուած է Սթրազպուրկի Ս. Թովմասի հրապարակին վրայ։

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը այս մասնակցութիւնը ապահոված է՝ աջակցութեամբ Եւրոպայի խորհուրդի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան եւ Երեւանի Ժողովրդական արուեստներու թանգարանի։

Սթրազպուրկի համաեւրոպական սուրբծննդեան այս տօնավաճառի շրջանակներէն ներս, հայկական տաղաւարի այցելուներուն կը ներկայացուին հայ վարպետներու ձեռագործ աշխատանքները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2023