ԵՒՍ 2 ՕՐ

Իսրայէլ-Պաղեստին արիւնալի իրադարձութիւնները միջազգային օրակարգի թիւ մէկ նիւթը մնալ կը շարունակեն։ Իսրայէլի կառավարութեան եւ «Համաս»ի միջեւ հաստատուած քառօրեայ հրադադարը թէեւ այս առաւօտ պիտի աւարտէր, սակայն միջնորդ երկիրներու ջանքերուն շնորհիւ երկարաձգուեցաւ եւս երկու օր։ Երէկ օրուան տեւողութեան այս ուղղութեամբ կը հասնէին յուսադրիչ լուրեր, որոնք ի վերջոյ արդարացան երեկոյեան ժամերուն Քաթարի կողմէ կատարուած պաշտօնական յայտարարութեամբ։

Կարճատեւ հրադադարի օրերուն «Համաս»ի կողմէ ազատ արձակուեցաւ 50 Իսրայէլի քաղաքացի։ Իսկ Իսրայէլի կառավարութիւնը յանձնեց պաղեստինցի 150 ձերբակալեալ։

Հրադադարի ալ աւելի երկարաձգման ուղղութեամբ այս պահու դրութեամբ մեծ յոյսեր չեն փայփայուիր։ Արդարեւ, Իսրայէլ կը տեղեկացնէ նոր գործողութիւններու պատրաստութեան մասին՝ այս անգամ նոյնիսկ աւելի սաստիկ։

Անգարան ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, որ Պարսելոնայի մէջ մասնակցեցաւ «Միջերկրականի համար միութիւն» 8-րդ տարածաշրջանային ֆորումին, Կազզէի իրադրութիւնը արժեւորեց՝ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ Արաբական լիկայի երկիրներու պաշտօնակիցներուն հետ։

Իր կարգին, ԱՔ կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիքն ալ երէկ յայտարարեց, որ Արեւմուտքի երկիրները մեծ երկերեսութեան մը մէջ են։ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիյահուի կառավարութեան մարմնաւորած յարձակողականութեան մտայնութեան դիմաց անոնք կը վարուին գերիի նման։ «Սա սպանդ մըն է, ցեղասպանութիւն մըն է։ Դժբախտաբար, արեւմտեան աշխարհէն ներս մեծամասնութիւն կը կազմեն այն երկիրները, որոնք այս բանը կը խրախուսեն թաքնուելով այն նախադասութեան ետին, թէ Իսրայէլ ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի», ըսաւ Էօմէր Չելիք։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2023