ԹՂԹԱԾՐԱՐՆԵՐԸ ՄԻԱՑՈՒԵՑԱՆ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակ լրագրող Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ պիտի դատուի քրէական ատեանի մէջ։ Ծանօթ է, որ ան վերջերս բանտէն ազատ արձակուած էր, սակայն Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը անմիջապէս նոր մեղադրական մը պատրաստած էր անոր համար։ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան ի նպաստ վարուելու մէջ կը մեղադրուի Օկիւն Սամաստ։ Ըստ ամբաստանագրին, ան թէեւ զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութեան չէ անդամակցած, սակայն անոր անունով յանցանք գործած է։ Այս հիման վրայ կը նախատեսուէր, որ Օկիւն Սամաստ վերստին պիտի դատուէր Իսթանպուլի Բ. անչափահասներու քրէական ատեանին կողմէ։ Բայց եւ այնպէս, այժմ կան փոփոխութիւններ։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Օկիւն Սամաստի դատը միացուած է՝ ողբացեալ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը գրգռած Եասին Հայալի եւ Էրհան Թունճելի գործերուն հետ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, թղթածրարը պիտի քննարկուի Իսթանպուլի 14-րդ քրէական ատեանին կողմէ։ Այսինքն, Սամաստն ալ ո՛չ թէ անչափահասներու, այլ քրէական դատարանի առջեւ պիտի կանգնի։