ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած «Զարմանազան» ծրագիրը կը շարունակուի յաջողութեամբ եւ յառաջիկայ տարի պիտի ընդլայնուի անոր աշխարհագրութիւնը։ Այսպէս, 2024 թուականին «Զարմանազան» արեւմտահայերէնով ամառային ճամբարը տեղի պիտի ունենայ թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ «Զարմանազան»ը կ՚ապահովէ այն միջավայրը, ուր սփիւռքի նոր սերունդի ներկայացուցիչները, կրթական մշակներն ու ուղեկիցները կը միանան եւ լեզուն հաճոյքով կ՚ապրին։ Այս ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչ՝ իրարու սերտօրէն առընչուած.

ա) 10-17 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը (Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ),

բ) 18-24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը (Ֆրանսա),

գ) Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած համալսարանական ծրագիր մը (Ֆրանսա)։

Պատանիները եւ երիտասարդները պիտի մասնակցին համատարիքային ու բազմատարիքային զանազան աշխատանոցներու, որոնք կ՚ընդգրկեն տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։ 

Բոլոր նիստերուն եւ աշխատանոցներուն ընթացքին յարաբերութեան ու հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ։ Առօրեայ կեանքին բոլոր պահերը միասնաբար կը կատարուին ու կ՚ապրուին։

Միացեալ Նահանգներու առաջին ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ մէջ, 7-27 յունիս 2024-ին։ Դիմումները բաց պիտի ըլլան մինչեւ 31 յունուար 2024 թուականը, տեղական ժամով 23.00-ին։

Ֆրանսայի 8-րդ ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Ալպեան լեռներուն մէջ, 2024-ի յուլիսի 11-էն մինչեւ օգոստոսի 6-ը։ Դիմումները պիտի սկսին դեկտեմբերի 10-ին ու պիտի փակուին 15 փետրուար 2024-ին, Կրինիչի ժամով 23.00-ին։

Լիզպոնէն կը հաղորդուի, որ անհրաժեշտ է յարգել ժամկէտները եւ երկու ճամբարներու պարագային ալ մասնակցութեան թիւը պիտի ըլլայ սահմանափակ։ «Զարմանազան»ին դիմելու եւ այլ տեղեկութիւններու համար պէտք է այցելել «www.zarmanazan.com» կայքէջը։

Գալով սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած խտացեալ ծրագիրին՝ սա մասամբ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի «Զարմանազան»ին ընթացքին։ Դասընթացքը պիտի շարունակուի առցանց՝ 2024-2025 ուսումնական շրջանին, INALCO-ի (Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառ) կողմէ եւ պիտի աւարտի վկայագիրով մը։ Ծրագիրը կը վարեն մասնագէտներ, որոնք կ՚առաջարկեն թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մը եւ թէ՛ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ։ Այս ծրագիրին միայն 15 ուսուցիչ պիտի ընդունուի։

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը 2017-ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» մանկավարժական նախագծին՝ որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագրին մէկ բաժինը։ Կազմակերպուած է Ֆրանսայի «Mille et un mondes» ընկերակցութեան եւ Փարիզի INALCO-ի համագործակցութեամբ։ 2024-ին «Զարմանազան»ը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչ որ աննախընթաց է։ Ֆրանսայի «Զարմանազան»ը վաւերացուած է այդ երկրի Ազգային կրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարութեան կողմէ։ ԱՄՆ-ի «Զարմանազան»ը վաւերացուած է Քալիֆորնիոյ Քըրն գաւառի բնութեան առողջապահութեան բաժանմունքին կողմէ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2023