ԱՄՆ-ԷՆ ՆՈՐ ՔԱՅԼԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Այս վերջինը զուգահեռաբար հեռաձայնով խօսեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Կը հաղորդուի, որ պետական քարտուղարը այս հեռախօսազրոյցներու ընթացքին արծարծած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հնարաւորութիւնը։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Էնթընի Պլինքըն քննարկեցին տարածաշրջանային բնոյթով հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերեալ նիւթեր։ Անոնք մասնաւորապէս անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Քննարկուեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի՝ աւելի քան 100 հազար բռնի տեղահանեալ հայերու մարդասիրական խնդիրներն ու Հայաստանի կառավարութեան կողմէ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ առնուած քայլերը։ Ընդգծուեցաւ միջազգային հանրութեան աջակցութեան կարեւորութիւնը։
Ուաշինկթընի աղբիւրներն ալ այս հեռախօսազրոյցներուն կապակցութեամբ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթհիու Միլըր տեղեկացուց, որ Պլինքըն Ալիեւին շնորհակալութիւն յայտնած է՝ Ատրպէյճան-Հայաստան ամուր եւ ներկայացուցչական խաղաղութեան համաձայնագիրը կնքելու պատրաստակամութեան համար։ Ան համոզուած է, թէ երկարատեւ հակամարտութիւնը տառապանք պատճառած է թէ՛ Հայաստանին եւ թէ Ատրպէյճանին, նաեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը ձեռնտու է տարածաշրջանէն ներս բոլորին։ Պլինքըն Ալիեւի հետ քննարկած է նաեւ ԱՄՆ-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, նշած է անհանգստութեան վերջին պատճառները, նաեւ անդրադարձած՝ համագործակցութեան ամրապնդման հնարաւորութիւններուն։
Ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրները շեշտեցին, որ Պլինքըն Փաշինեանի հետ զրուցելու ընթացքին ընդգծած է Ուաշինկթընի աջակցութիւնը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ամուր եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագրի մը հասնելու ջանքերուն համար։ Պետական քարտուղարը վերահաստատած է ամերիկեան կողմի շարունակական աջակցութիւնը՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ի նպաստ։ Պլինքըն ընդգծած է Հայաստանի հետ երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման ուղղեալ ջանքերը։ Այսպէս, ԱՄՆ կ՚աշխատի աջակցիլ Հայաստանի տեսլականին, որ հետամուտ է բարգաւաճ ու ժողովրդավար ապագայ մը կառուցելու։
Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բարձր մակարդակի վրայ շփումները միջոցէ մը ի վեր ընդհատուած են՝ կողմերու միջնորդներու վերաբերեալ նախընտրութիւններուն եւ վերապահութիւններուն բերումով։ Ատրպէյճան այս շրջանին կը խուսափի Արեւմուտքի միջնորդութեամբ շփումներէ, իսկ Հայաստան՝ Ռուսաստանի։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Էնթընի Պլինքընի հեռախօսազրոյցները կարեւոր նշանակութիւն ունին՝ մինչ երկու օրէն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ նախատեսուած են նաեւ սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու բանակցութիւնները։
ԱՄՆ-ԷՆ ՆԱԵՒ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՚Պրայըն յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցիլ Անդրկովկասով Եւրոպական Ասիայէն դէպի Թուրքիա առեւտրային ճանապարհ մը ստեղծելու փորձերուն։ Իր խօսքով՝ ԱՄՆ նոյնպէս պատրաստ է արգելք հանդիսանալ նման նախագծերու՝ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ ուժի կիրառման պարագային։ «Մենք կը տեսնենք Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հասնելու իրական հնարաւորութիւն։ Այս բանին մէջ կը տեսնենք նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին համար օգուտ քաղելու իրական հնարաւորութիւն։ Օրինակ, եթէ առեւտուրը կարողանայ Կեդրոնական Ասիայէն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքով անցնիլ Թուրքիա, ապա սա էական խթան կը հանդիսանայ այն բոլոր երկիրներուն համար, որոնք կը գտնուին այդ առեւտրային ճանապարհին վրայ։ Եւ մենք կ՚ողջունենք այս բանին մէկ մասը ըլլալու հնարաւորութիւնը», ըսաւ ան։
Միեւնոյն ժամանակ, ամերիկացի դիւանագէտը զգուշացուց, որ եթէ այս նպատակին խաղաղ ճանապարհով չհասնելու որոշում չտրուի, ապա ամերիկեան իշխանութիւնները ստիպուած պիտի ըլլան օգտագործել որեւէ հնարաւոր միջոց՝ կանխելու նման առեւտրային ճանապարհի մը ստեղծումը։ Ըստ Օ՚Պրայընի, Ուաշինկթըն այժմ կը սպասէ Պաքուի եւ Երեւանի պատասխանին։ «Մենք կողմերուն շատ պարզ հասկցուցած ենք, թէ ի՛նչ կ՚ակնկալենք տեսնել, ինչպէս նաեւ ի՛նչ հետեւանքներ կ՚ունենան հակադարձ գործողութիւնները։ Այնպէս որ, տեսնենք՝ ի՛նչ կ՚որոշեն կողմերը։ Մենք գիտենք, որ անոնք հետաքրքրութիւն յայտնած են խաղաղութեան համաձայնագիրը հնարաւորինս շուտ կնքելու ուղղութեամբ ու մենք շատ կը փափաքէինք այդ բանը տեսնել», աւելցուց Օ՚Պրայըն։