ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՉԵՔԻՃԵԱՆ ՄԻՇՏ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ
Երեւանի մշակութային միջավայրը կիրակի երեկոյեան տօնական էր: Բազմաթիւ արուեստասէրներ հաւաքուած էին Շարժանկարի տան մէջ՝ դիտելու անուանի հայ արուեստագէտ, Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբի երկարամեայ խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանին նուիրուած «Եւ եկաւ Յովհաննէսը» խորագրեալ ժապաւէնը: Տօնական մթնոլորտը կրկանապատկուած էր, որովհետեւ դահլիճին մէջ ներկայ էր նաեւ ինքը՝ 95-ամեայ արուեստագէտը, որ պայծառացած աչքերով կ՚ողջունէր ներկաները, երկար տարիներ իր ղեկավարած Ազգային ակադեմական երգչախումբի անդամները, որոնք այնքան կարօտցած էին իրենց սիրելի խմբավարը:
«Եւ եկաւ Յովհաննէսը» ժապաւէնը հեղինակած է Լիլիթ Մովսիսեան՝ նպատակ ունենալով անգամ մը եւս հանրութեան ներկայացնել Յովհաննէս Չեքիճեանի վաստակը հայրենիքի մշակութային հզօրացման գործին մէջ: Բեմադրիչն է Հրաչ Սիմոնեան։
Ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ լեփ լեցուն դահլիճին մէջ: Աւագ եւ միջին սերունդէ բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, նաեւ երիտասարդներ եկած էին՝ մանաւանդ տեսնելու մաէսթրոն, որ դժուար տեղաշարժուելու պատճառով վերջին շրջանին յաճախ հրապարակաւ հանդէս չի գար: Սակայն, կենդանի առասպել դարձած արուեստագէտը չէր մերժած իր մասին նկարահանուած սիրողական ժապաւէնը դիտելու հրաւէրը եւ մասնակցած էր: Սա կը վկայէ իր մեծութեան, մեծահոգութեան, երիտասարդներուն տեղ տալու կարեւոր յատկութեան մասին, ինչ որ ան իր մէջ կը կրէ՝ գրեթէ մէկ դար ապրածի իմաստութեամբ:
Տեսանիւթին մէջ կ՚երեւին իր մանկութեան, աշակերտութեան, ուսանողութեան լուսանկարները՝ Պոլսոյ մէջ. 1934-1941 թուականներուն Չեքիճեան ուսանած է Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ապա ֆրանսական թեքումով կրթութիւն ստացած ու մուտք գործած՝ Իսթանպուլի երաժշտանոցը… Իսթանպուլի Պետական երգչախումբի գլխաւոր խմբավարի տեղակալն էր (1951-1954 թուականներու ընդմիջումով) միեւնոյն ժամանակ 1958-61 թուականներուն՝ Իսթանպուլի Օփերայի երաժշտական ղեկավարը։
Հանդիսատեսը տեղեկացաւ նաեւ, թէ ինչպէս Պոլիսէն Եւրոպա կաշեգործութիւն ուսանելու գացած երիտասարդը խնայողութիւններ կատարելով վճարած է երաժշտական ուսման համար, սնած ուսանողական աղքատիկ ճաշարանին մէջ, որպէսզի կարողանայ հասնիլ երաժիշտ դառնալու իր երազանքին:
«Եւ եկաւ Յովհաննէսը» ժապաւէնին մէջ հեղինակը ցոյց տուած է, որ Չեքիճեանին համար գագաթնակէտը Կոմիտասն է եւ իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին ան չէ շեղած կոմիտասեան երաժշտարուեստի սկզբունքներէն՝ ինքն ալ համաշխարհային բեմերու վրայ հնչեցնելով Մեծն Կոմիտասի անունն ու երգը: Ուսումնասիրողները կը նկատեն, որ Չեքիճեանը երբեւէ խմբավարի ցուպը չէ գործածած, ան փայտիկը կը գործածէր միայն սիմֆոնիք նուագախումբին հետ:
Կոմիտասի ծննդեան 100-ամեակի յոբելեանին առթիւ Յովհաննէս Չեքիճեան պատրաստած է 38 խմբերգներ, որոնք առաջին անգամ կատարուած են յոբելենական տարուան մէջ՝ 1969-ին եւ ատկէ ետք հաստատուն ու մշտական տեղ գրաւած են երգչախումբի երգացանկին մէջ:
Կոմիտասի «Գութանի երգը», «Կալի երգը», «Հարսանեաց երգերը» եւ բազում այլ ստեղծագործութիւններ երկրորդ շունչ ստացած են՝ Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբի կատարմամբ:
Երաժշտագէտ Լուսինէ Սահակեան կը վկայէ, թէ Չեքիճեանի երգչախումբը երբ կը շարուի, օդը կը լեցուի անզուգական ձայներու ներդաշնակ միասնութեամբ եւ կարծես կը վերականգնուի այն փառահեղ տեսարանը, երբ Պոլսոյ «Փըթի Շանի» ձմեռային թատրոնի սրահին մէջ կը շարուէր Կոմիտաս Վարդապետի 300 հոգիէ կազմուած «Գուսան» երգչախումբը:
Չեքիճեան իրեն նուիրուած ժապաւէնին մէջ կը պատմէ, որ իր հայրը Կոմիտասի աշակերտը եղած է եւ այդ մէկը, անշուշտ, անդրադարձած է իր վրայ: Այսօր արդէն ինք հայ իրականութեան մէջ անուն մըն է, որ համաշխարհային մակարդակի հասցուցած է հայ խմբավարական ու երգչախմբային արուեստը՝ արժանանալով աշխարհի մեծերու ամենաշռայլ խօսքերուն եւ գնահատանքներուն: 1961 թուականին Յովհաննէս Չեքիճեան՝ իբրեւ երիտասարդ խմբավար ու երաժշտագէտ, Պոլիսէն անցած է Երեւան եւ նոյն թուականին ալ դարձած է Հայաստանի Ազգային երգչախումբի ղեկավար (Երգչախումբը հիմնուած է 1937-ին): Այդ թուականէն ի վեր, կէս դարէ աւելի, ան իր կեանքը անխզելիօրէն կապած է Հայաստանի Ազգային երգչախումբին հետ՝ իրաւացիօրէն վաստակելով մաէսթրօ պատուանունը: Անոր ղեկավարութեան ներքեւ Ազգային ակադեմական երգչախումբը թռիչքներ արձանագրած է ու բարձունքներ նուաճած է հայկական դասական եւ ժողովրդային երգերու մատուցման մէջ։ Իր ստեղծման օրէն Հայաստանի Ազգային երգչախումբը բարձր կատարողական վարպետութեամբ ներկայացուցած է իր երգացանկը՝ Կոմիտաս, Եկմալեան, Կարա-Մուրզա, Տիգրանեան, Արամ Խաչատուրեան, Առնօ Բաբաջանեան, Ալեքսանտր Յարութիւնեան եւ բազմաթիւ այլ հեղինակներու ստեղծագործութիւններ՝ ներառեալ սփիւռքահայ յօրինողներ եւ ժամանակակից երաժշտահաններ: Այս բոլորին վրայ աւելցած են հայ հեղինակներու՝ չեքիճեանական մշակումները:
Ան էր, որ վերանորոգեց Կոմիտասի եւ յաջորդ հանճարներուն հետ հաղորդակցութիւնը, բարձր մակարդակի հասցուց հայ երաժշտարուեստը, աւելին՝ փրոֆեսէօր Չեքիճեան մարմնաւորեց Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը՝ այն օրերուն, երբ ծանօթ պատուարներ գոյութիւն ունէին։ Ան երգչախմբային արուեստի ճամբով եղաւ այդ պատուարները խորտակողներէն մէկը: Անոր ղեկավարած երգչախումբին «Երեւան-Էրեբունի»ն, «Սարդարապատ»ը ու կոմիտասեան երգերու շարքերը խռովեցին աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդի զաւակներուն հոգիները, հպարտութեամբ լեցուցին սիրտերը… Յովհաննէս Չեքիճեանի ղեկավարած երգչախումբը միակն է համաշխարհային երգչախմբային արուեստին մէջ, որ բեմին վրայ կ՚երգէ առանց նոթերու, նոյնիսկ երկար ստեղծագործութիւններու կատարման ժամանակ՝ ղեկավարուելով «բեմ բարձրացողը ձայնագրութիւնները իր սիրտին մէջ պէտք է ունենայ եւ ոչ թէ ձեռքին» չեքիճեանական կարգախօսով:
Այսօր Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբը կը ղեկավարէ ջութակահար, խմբավար Դաւիթ Թէրզեան: Չեքիճեանին նուիրուած ժապաւէնին մէջ ան դրուագներ կը պատմէ Չեքիճեանի աշխատանքային կարգուկանոնէն եւ կ՚ըսէ, թէ անհնար է շրջանցել այն աւանդոյթները, որոնք մաէսթրոն հաստատած է: Յատկանշական է, որ իբրեւ երգչախումբի ղեկավար՝ Չեքիճեան նոյնպէս տեսած է Դաւիթ Թէրզեանը, որ նոյնպէս երաժշտական աշխարհին մէջ անծանօթ անուն մը չէ, մշակոյթի բնագաւառին մէջ ունի մեծ փորձառութիւն:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՉԵՔԻՃԵԱՆ՝ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՄԱՍԻՆ
«Կոմիտաս այն բացառիկ երեւոյթներէն է, որ ձգած է մեզ շատ թանկագին աւանդներ: Բայց, դժբախտաբար, մենք այնքան ալ հոգատար ու հետեւողական չենք այդ աւանդներուն նկատմամբ: Մեր երաժշտահանները իրենք զիրենք կը նետեն նորարարական զանազան յորձանքներու մէջ, բայց կ՚անտեսեն իսկական հայկական եղանակներու պահպանումը:
«Կոմիտասը այն մեծութիւնն է, որ արուեստի մարգագետինէն միայն ծաղիկներ քաղած է: Այդ ծաղիկները կատարեալ են եւ կարիք չունին մշակման:
«Կոմիտասը ինք շատ անգամ նշած է, որ իր խմբերգային ստեղծագործութիւնները հարկաւոր է կատարել առանց որեւէ գործիքի ընկերակցութեան: Դժբախտաբար շատ-շատերը կ՚ուզեն վերամշակել Կոմիտասը, ինչ որ առնուազն հանդուրժելի չէ:
«Կոմիտասի խմբերգային ստեղծագործութիւնները մարգարտաշարեր են, ուր մէկ ձայնագրութեան փոփոխութեան պարագային ամէն ինչ կը խախտուի»:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ԻՆ ՏՈՒԱԾ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԷՆ
Պոլսոյ յիշատակները ամենավառն են: Տակաւին տասն տարի առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան ըսած էր.
«Կը յիշեմ ամէն ինչ: Մանկութեանս, պատանեկութեանս, երիտասարդութեանս յուշերը միշտ կ՚ուղեկցին ինծի: Պզտիկ տարիքէս ինծի սորվեցուցած են ամէն կիրակի յաճախել եկեղեցի, հօրենական կողմէս մեծ մայրս զիս միշտ կը տանէր իր հետ: Ինք ինծի համար միշտ Աստուածաշունչ կը կարդար, կը տանէր օրհնուած ջուր խմելու։
«Ես մինչեւ հինգ տարեկան չեմ խօսած, բայց երգած եմ: Իմ չխօսելուն համար շատ կը մտահոգուէին, բայց կը զարմանային, որ յստակ կ՚երգեմ:
«Չեքիճեանները բնիկ պոլսեցիներ էին, մեր մեծ հայրերը դրուագողներ եղած են, որ մետաղի վրայ մուրճով եւ այլ գործիքներով դրուագումներ կ՚ընէին: Չեքիճեաններ կան Պոլսոյ մէջ, բայց ազգական չենք, կապ մը չունինք: Իսկ ես այսօր Հայաստանի մէջ առանձին եմ, տիկինս մահացաւ 2000-ին, երախայ ալ չկայ, առանձին եմ: Կինս ալ պոլսեցի էր, միասին եկած ենք Պոլիսէն, ինք արուեստագէտ չէր, բայց իմ առաջին քննադատս ու գնահատողս էր, իր կարծիքը շատ կարեւոր էր ինծի համար, երբ ինք դահլիճին մէջ նստած էր, ես տարբեր կերպ կը զգայի ինքզինքս:
«Ես մեծցած եմ արուեստասէր ընտանիքի մէջ. հայրս, հակառակ որ արհեստաւոր էր, ջութակ կը նուագէր, մայրս ալ դաշնակահարուհի էր, անշուշտ, արհեստավարժ չէին անոնք, բայց զիս շատ տպաւորած է իրենց նուագը: Հայրս եղած է Կոմիտասի սաներէն մէկը, ամենէն կրտսերներէն եղած է ան: Կը յիշեմ հօրս ընկերները՝ Կոմիտասի միւս սաները, կը հաւաքուէին մեր տան մէջ եւ պատառիկներ կամ ամբողջական կտորներ կ՚երգէին Կոմիտասի երգչախմբային ցանկէն: Այդ մէկը յատկապէս տպաւորած էր, ես երգեր ու մեղեդիներ սորված եմ այդ ժամանակ:
«Հայրս կ՚ուզէր, որ ես իր պէս կաշեգործ դառնայի, երթայի իր ճամբով, բայց երաժշտական ուղիով գացի, Իաթանպուլի երաժշտանոցին մէջ ուսանեցայ: Փարիզի մէջ ալ ուսանած եմ, բնագէտ-ճարտարագէտի մասնագիտութիւն ստացած եմ, բայց երբեք չեմ աշխատած այդ գործով:
«Իսթանպուլի մէջ բաւական գործունէութիւն ծաւալեցի թէ՛ հայկական միջավայրին մէջ, թէ՛ թրքական: Հոն երգչախումբ ալ հիմնեցի:
«...Այսօր ես շատ կը կարօտնամ իմ ծննդավայրս, ինծի համար հիմա մանաւանդ շատ դժուար է հոս՝ Հայաստանի մէջ, երբ առանձին մնացի... Շատ միայնակ կը զգամ ինքզինքս... Յաճախ կը յիշեմ իմ ծննդավայրս, որու օդն ու ջուրը տարբեր է, ծովու օդը կը կարօտնամ, որ հոս չկայ: Հոն ծննդավայրս է, բայց հոս ալ հայրենիքս է: Ես կրնայի հազար ու մէկ երկրի մէջ ապրիլ, ուր որ գացած եմ, ինչ նուագախումբի հետ որ աշխատած եմ, զիս ուզած են պահել իրենց քովը, բայց ես միշտ Հայաստան վերադարձած եմ:
«Բայց եւ այնպէս, ուրախ եմ, որ Հայաստան գալէն ետք Պոլիս այցելած եմ յաճախ, ամէն այցիս բոլոր յիշողութիւններս կը վերականգնուին, ընկերներուս, բարեկամներուս կը հանդիպիմ…»:
ՄՕՏԱԼՈՒՏ 95-ԱՄԵԱԿ
Քանի մը օրէն, դեկտեմբերին կը լրանայ Յովհաննէս Չեքիճեանի 95-ամեակը: Մաէսթրոյին համար տարիքը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի՝ հակառակ, որ առանց օգնութեան այլեւս չի կրնար քալել: Իր երկարակեացութեան գաղտնիքը եղած է խմբավարին գործը, որուն նուիրուած է ամբողջութեամբ: Գիշեր-ցերեկ միայն նուագախումբին մասին մտածած է եւ այսօր ալ իր առօրեան դարձեալ նուագախումբն է եւ անոր ելոյթները, որոնց կը հետեւի:
Իր օրը կը սկսի մէկ բաժակ լուծուող սուրճով, այս սովորութիւնը, կ՚ըսէ՝ Փարիզէն մնացած է: Համացանցը, կապի ժամանակակից միջոցները խորթ են արուեստագէտին, հեռատեսիլ կը դիտէ միայն եւ լուրերուն այդպէ՛ս կը հետեւի:
95-ամեակը մօտ է, բայց Հայաստանի մէջ տակաւին չյայտարարուեցաւ որեւէ յոբելեանական ձեռնարկի մասին: Հայաստանեան հանրութիւնը այսօր ճղճիմ օրակարգերու մէջ է. մեր մեծերը, մեր ազգային արժէքները կարծես դուրս մնացած են իշխանութեան ուշադրութենէն, բայց յոյս կայ, որ ձեռնարկ մը կը կազմակերպուի հայոց մեծերու անդաստանին մէջ մնացած այս վերջին առասպէլներէն մէկուն յոբելեանին առթիւ:
Տասը տարի առաջ՝ Չեքիճեանի 85-ամեակին ժամանակ, հռչակուած էր չեքիճեանական տարի մը, որու ընթացքին տեղի ունեցած էին բազում համերգներ, ցուցահանդէսներ, ձեռնարկներ։ Այդ ժամանակ մաէսթրոն ալ շատ աշխոյժ էր ու յուսահատութիւն մը թէեւ ամէն պարագայի կ՚ապրէր, բայց լեցուած էր վաղուայ օրուայ հանդէպ հաւատքով: Զանազան առիթներով միջոցառումներ տեղի կ՚ունենան նաեւ Չեքիճեանի ծննդավայր Պոլսոյ մէջ, ուր ան կ՚այցելէր մինչեւ վերջին տարիները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան