ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԱ՞Ծ, ԹԷ ՊԱՐՏՈՒԱԾ (Դ.)
Ռուսաստան պարտուա՞ծ… Կարգ մը վերլուծաբաններ՝ յատկապէս արեւմտամէտներ, քաղաքական ու ռազմական կեդրոններ եւ նոյնիսկ բազում երկիրներ կը տեսնեն, որ Ռուսաստան պարտութեան մէջ է:
Թէ՛ այս մօտեցումով եւ թէ՛ ռազմական, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային առումներով եթէ փորձենք վերլուծել իրավիճակը, երեւելի կը դառնան կարգ մը իրողութիւններ, որոնք անխուսափելիօրէն տեղիք կու տան Ռուսաստանի պարտութեան երեւելիութեան:
Նախ՝ երբ Ռուսաստան սկսաւ յարձակիլ ու ներխուժել Ուքրայնա, յայտարարեց երկու նպատակ. այդ երկրի ապառազմականացում եւ ապաազգայնականացում: Երկու նպատակներն ալ ցարդ ձախողած են եւ դէպքերուն ընթացքը Ուքրայնան դարձուց աւելի ռազմականացող եւ ազգայնացող երկիր: Յետոյ Ռուսաստան յայտարարեց, որ արագօրէն պիտի գրաւէ Քիեւն ու պիտի տապալէ նախագահ Զելենսքիի իշխանութիւնը։ Այդ մէկու պարագային դարձեալ ձախողած է մինչեւ այսօր: Կարեւոր հանգամանքներ կան Ռուսաստանի ռազմական, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ նոյնիսկ ընկերային սխալ հաշուարկներուն մէջ: Անոնք Ռուսաստանի եղբայր համարուող Ուքրայնայի ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան մեծ փոփոխութիւններէն կը բխին: Պատերազմի անցնիլ իբր թէ փոքր եղբայր ժողովուրդի մը վրայ եւ կրել մեծ ձախողութիւններ՝ կրնայ տեղ մը անհաւատալի թուիլ, բայց փաստ է: Ուքրայնա Արեւմուտքի աջակցութեամբ՝ դրսեւորեց մեծ կամք, դիմադրութիւն եւ տոկունութիւն, ինչ որ անսպասելի էր բոլորին համար:
Ռազմական առումով Ռուսաստան, այո՛, տարածքներ գրաւեց, բայց այդ տարածքները ի սկզբանէ արդէն ռուսերով բնակեցուած էին եւ այդ տարածքները որքան ալ փորձուին ներկայացուիլ՝ իբրեւ ռազմավարական տեղեր, յստակ է, որ այդպէս չեն:
Ռուսաստան գործածեց իր գրեթէ բոլոր զինանոցը (բացի հիւլէական զէնքէն) եւ Արեւմուտքը իր զինական փորձարկումներով չափեց ու քննեց կարողականութիւնը ռուսական զէնքերու, որոնք արեւմտեաններուն եւ Իսրայէլի արտադրածներուն բաղդատմամբ այդքան ալ մրցունակ, արդի եւ հզօր դուրս չեկան: Ընդհակառակն՝ փաստուեցաւ, որ Ռուսաստան հին աշխարհի պատկանող է իր զէնքերով եւ իր յայտարարած՝ այսպէս ըսած մեծ նուաճումները՝ զինատեսակային եւ ռազմական բնագաւառներու մէջ, չափազանցուած էին, չըսելու համար սուտ: Ռուսաստան նոյնիսկ գերռազմականացած երկիր մը ըլլալով՝ այլ երկրի մը վրայ յարձակելով ստիպուեցաւ ուրիշ երկիրներէ զինատեսակ ու զէնքեր պահանջել։ Ապա փաստուեցաւ, որ ո՛չ իր ռազմական արտադրութեան քանակը եւ ոչ ալ որակը գոհացուցիչ, սպասարկելի եւ հասու են:
Ռուսաստան Երկրորդ աշխարհամարտէն ի վեր հարուածներ ստացաւ իր հողերէն ներս եւ Մոսկուան ու այլ շրջաններ թիրախաւորուեցան եւ տակաւին կը դիմագրաւեն մեծ վտանգներ:
Ռուսաստանի նախագահ Փութինի՝ արտադրութիւնը յայտարարած նոր հրթիռները, որոնք իբր թէ ձայնի արագութիւնը կը գերազանցեն եւ անտեսանելի են ռատարներու համար՝ փաստուեցաւ, որ ճիշդ չէ կամ Ուքրայնայի պատերազմին օգտագործուածները ոչնչացուեցան ամերիկեան «Փեթրիըթ» համակարգերու կողմէ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024