ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ինչի՞ կը տանի յիմարութիւնը մարդուն:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ՚աւերէ եւ անոր սիրտը Տիրոջ դէմ տրտունջ կ՚ընէ» (Առ 19.3):
Առակագիրին ըսածին լոյսին տակ կրնանք հաստատել, որ յիմարութիւնը մարդս միմիայն կորուստի կ՚առաջնորդէ եւ եթէ մարդ չգիտակցի իր սխալ ընթացքին ու շարունակէ ընթանալ իր բռնած ճամբով, ապա իր կորուստը յաւիտենական կ՚ըլլայ:
Այստեղ խօսքը յատկապէս պէտք է ըմբռնել հոգեւոր գետնի վրայ, այսինքն՝ մարդ երբ հաւատքի կեանքէն շեղի, Աստուծոյ ճանապարհէն հեռանայ, ապա ենթակայ կը դառնայ կորուստներու եւ ծանր կորուստներու: Դժբախտաբար, շատ յաճախ մենք մեր սխալ ընթացքին չգիտակցելով կը մեղադրենք մեր շրջապատը՝ նոյնիսկ երբեմն զԱստուած կը մեղադրենք ու կը տրտնջանք Անոր դէմ՝ ըսելով, թէ ինչո՞ւ այսպէս կը պատահի մեզի հետ, ո՜վ Տէր ինչո՞ւ թոյլ կու տաս, որ այսքան նեղութիւններ կրենք, կամ եթէ Դուն իրապէս գոյութիւն ունենայիր, ապա այս կամ այն բանը չէր պատահեր մեզի հետ, եւ այլն:
Բայց միթէ մեր կեանքին մէջ դիմագրաւած դժուարութիւններն ու նեղութիւնները Աստուծմէ՞ են: Եթէ ուշադրութեամբ եւ առողջ տրամաբանութեամբ քննենք մեր առօրեան, մեր կեանքը, ապա վստահաբար պիտի նկատենք, որ մեր հետ պատահած դժբախտութիւններուն, նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ ձախողութիւններուն գլխաւոր եւ միակ պատճառը մե՛նք ենք, մեր կայացուցած սխալ որոշումներն ու որդեգրած սխալ մարտավարութիւնը: Այդ որոշումներն ու մարտավարութիւնները երբեմն մեզի թելադրուած կ՚ըլլան մեր շրջապատէն անգիտակից կերպով, սակայն, որոշ տարիք մը կայ, երբ մարդ արդէն ինքնուրոյն կը դառնայ եւ ատակ՝ ճիշդն ու սխալը զանազանելու: Յիշենք Պօղոս առաքեալը, որ մինչ Պօղոս դառնալը Սօղոս էր: Սօղոսը իր ժամանակուան ամենէն գիտուն մարդոցմէ մէկուն աշակերտած էր, ջերմեռանդ հաւատքի տէր մարդ էր, լաւապէս սերտած ու գիտակ դարձած էր Մովսիսական Օրէնքին, շատ նախանձախնդիր էր, ինչ որ զինք մղած է դաժանաբար հալածելու քրիստոնեաները, չարչարելու ու բանտարկելու զանոնք, վերջիններս նկատելով Աստուծոյ թշնամի: Նոյն այդ առաքելութեամբ երբ Դամասկոս կը մեկնէր, ճանապարհին կը հանդիպի Տէր Յիսուսի, որով իր աչքերը կը բացուին եւ կը տեսնէ ու կը հասկնայ ճշմարտութիւնը եւ Պօղոս անուանուելով կը դառնայ քրիստոնէութեան ամենէն նախանձախնդիր եւ համարձակ քարոզիչի:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը Պօղոս առաքեալի օրինակով կրնայ իր կեանքին մէկ հանգրուանին Սօղոս ըլլալ իր ըմբռնումներուն եւ համոզումներուն մէջ, կարեւորը սակայն, երբ Պօղոսի նման աստուածային լոյսը տեղէ մը հոսի մեր ներսիդին, գիտակցինք այդ լոյսին եւ այդ լոյսով առաջնորդուինք, որպէսզի մեր յիմարութենէն դուրս գալով, Աստուծոյ դէմ տրտնջալէն ու զԱստուած մեղադրելէ հրաժարելով դառնանք ճշմարտութեան եւ ճշմարտութեան մարտիկներ ըլլանք:
Հայր Աբրահամ (Ղպտի Եկեղեցւոյ հայրերէն) հետեւեալը կը գրէ Առակագիրի վերոնշեալ համարին մասին.
«Երբ կը լսեն թէ Յիսուս Աւետարանին մէջ կը յայտարարէ՝ “Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ Ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի” անմիջապէս իրենք իրենցմէ կը նետեն մեղքերու ծանրութիւնը, ու վստահ կ՚ըլլան յաջորդող խօսքին, թէ՝ “քանի Իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ” (Մտ 11.28, 30):
Հետեւաբար, ճամբան հանգստաւէտ է անոր համար, որ Անոր պատուիրանը կը պահէ: Սակայն, եթէ քիչ մը հաճոյասիրութեամբ մենք մեզի տխրութիւն եւ յոգնածութիւն կը պատճառենք, ապա մեծ ջանք կը թափենք՝ հետեւելով դարադարձիկ ճանապարհի մը՝ պահելու աշխարհի պատուիրանները, եւ այս ճամբուն մէջ Յիսուսի բեռը ծանր եւ դժուար տանելի կը դարձնենք, այս արտայայտութեան նման, թէ՝ «մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ՚աւերէ եւ անոր սիրտը Տիրոջ դէմ տրտունջ կ՚ընէ (Առ 19.3): Կ՚ըսէք, թէ՝ “Տիրոջ ճամբան ուղիղ չէ” կը պատասխանէ. “Իմ ճամբա՞ս ուղիղ չէ: Չէ՞ որ ձեր ճամբան ուղիղ չէ” (Եզ 18.25-26):
Իրականութեան մէջ կրնաս գիտնալ ու հասկնալ, թէ Յիսուսի բեռը աւելի թեթեւ է, եւ զայն վերցնելը՝ թեթեւ, մանաւանդ երբ համեմատես կուսութեան գեղեցիկ եւ բուրումնաւէտ ծաղիկը, անոր մաքրութիւնն ու անարատութիւնը կեղտոտ ցանկութեան գարշահոտ տիղմին հետ, ինչպէս նաեւ եթէ համեմատես վանականներուն խաղաղութիւնն ու հեռու մնալը վտանգներէն եւ կորուստներէն՝ որ մարդոց միտքերը կը ծանրաբեռնեն, հարուստներու հետաքրքրութիւններուն եւ մաշեցնող մտահոգութիւններուն հետ»:
Հարցում. Ի՞նչ պիտի պատահի սուտ վկային եւ սուտ խօսողին հետ:
Պատասխան. Իմաստունը կը գրէ. «Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ ու ստութիւններ խօսողը պիտի չազատի» (Առ 19.5):
Տէր Աստուած երբ Մովսէս Մարգարէին Տասնաբանեայ պատուիրանները տուաւ, իններորդ պատուիրանով հետեւեալը թելադրեց. «Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.16): Տէր Աստուած այս պատուիրանով ո՛չ միայն սուտ վկայութիւն ընելը, այլեւ ընդհանրապէս սուտ խօսիլը կ՚արգիլէ: Սուտ խօսիլ կամ սուտ վկայ ըլլալ արդիւնքով համահաւասար են, որովհետեւ երկու պարագաներուն անարդարութիւն կը գործուի եւ շատ յաճախ անմեղ մարդիկ զոհ կ՚երթան այդ ստութեան եւ սուտ վկայութեան:
Արդարեւ, Տէր Յիսուս ստախօսները որպէս սատանայի զաւակներ կ՚որակէ՝ երբ կ՚ըսէ. «Դուք ձեր հօր՝ սատանային զաւակներն էք եւ անոր ցանկութիւնները կատարել կ՚ուզէք: Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան կողմնակից չէ եղած բնաւ, որովհետեւ անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ: Երբ սուտ խօսի՝ իր նկարագիրը ցոյց կու տայ, քանի որ ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը» (Յհ 8.44):
Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեան այսպէս կը բացատրէ իններորդ պատուիրանը.
«“Վկայութիւն” բառը առաջին հերթին կապ ունի դատական մարզին հետ: Վկայութիւն կարելի է տալ նաեւ Օրէնքի սահմանէն դուրս, պարզ մարդոց ներկայութեան՝ երբ ուրիշի մասին կը խօսինք: Բայց հոս երկու-երեք հոգիի միջեւ խօսակցութեամբ պարզ զրպարտութեան կամ բամբասանքի մասին չի խօսիր, այլ՝ այն վկայութեան, որ օրէնքին դիմաց կը տրուի: Աստուած հոս բոլոր մարդոց կը յորդորէ իրենց վկայութիւնները արդարութեամբ, ոչ-սուտ, ճշմարտացի տալ, որովհետեւ այդ վկայութիւնը կրնայ ուրիշներու նոյնիսկ կեանքը առնել, ուրիշներու մահուան կամ սպանութեան պատճառ դառնալ՝ քիչ առաջուան բոլոր իմաստներով: Վկայութիւնը պատասխանատուութիւն է, իսկ սուտ վկայութիւնը՝ Աստուծոյ դէմ գործուած յանցանք: Աստուած վրէժխնդիր կ՚ըլլայ բոլոր սուտ վկաներէն, որոնք ուրիշներու վնասուելուն պատճառ կը դառնան»:
Հետեւաբար մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ, ո՛չ սուտ խօսի եւ ո՛չ առաւել եւս սուտ վկայութիւն տայ, որպէսզի գիտկացաբար կամ անգիտակցաբար Աստուծոյ վրէժխնդրութեան չարժանանայ, ընդհակառակը՝ Տէր Յիսուսի թելադրութենէն ամուր կառչի միշտ իր այոն այո՛ պահելով եւ ոչը՝ ո՛չ (տե՛ս Մտ 5.37):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 70
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024