ՄԻԱՅՆ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՀԱՐՑ…
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ քաղաքական կամքի դրսեւորման պարագային խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ կնքուիլ երկու շաբթուան ընթացքին։ Ըստ իրեն՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է սկզբունքային գրեթէ բոլոր հարցերու շուրջ։ «Չեմ ուզեր յաւելեալ մանրամասնել եւ այսպէսով աւելի վնասել գործընթացին», ըսաւ Սիմոնեան եւ աւելցուց, որ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը ամբողջութեամբ հիմնուած է միջազգային սկզբունքներու վրայ, կը ներառէ տարածքային ամբողջականութեան եւ հաղորդակցութիւններու բացման խնդիրը։ Իր խօսքով՝ անհասկնալի է, որ Ատրպէյճան ի՛նչ պիտի շահի յետաձգումէն եւ տարածաշրջանին ի՛նչ պիտի տայ ժամանակի ձգձգումը։ Ատրպէյճան մէկ կողմէ կը խօսի խաղաղութեան մասին, իսկ միւս կողմէ կը խուսափի խաղաղութեան պայմանագրէն, որ արդէն շատ մօտ իրականութիւն մը դարձած է։
Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Ալէն Սիմոնեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մակարդակով հանդիպման մը համաձայնութիւնը ներկայիս գոյութիւն չունի։ Հայկական կողմը պատրաստ է նման իւրաքանչիւր առաջարկ քննարկելու։
Ալէն Սիմոնեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ այսօր Երեւանի օրակարգին վրայ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հարցը գոյութիւն չունի։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը լիակատար կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը։ Վերջին 1-2 տարուան ընթացքին այս մասին արդէն երեւի 8 անգամ յայտարարուած է։
«Կու գայ ժամանակ մը, երբ հայերն ու ատրպէյճանցիները պէտք է ապրին կողք կողքի եւ ասոր համար ամէն ինչ պիտի ընենք», նշեց Ալէն Սիմոնեան։
Ալէն Սիմոնեան շեշտեց, որ Հայաստան միշտ կը նկատէ տարածաշրջանէն ներս նոր մագլցումներու վտանգ։
ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ԹԻՖԼԻԶ ԱՅՑԸ
Միւս կողմէ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Թիֆլիզի մէջ, ուր երէկ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան ընդունուեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին Ղարիպաշվիլի յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցիլ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ գործընթացներուն։