ԹԷԺ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՇՈՒՐՋ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ տեսակցեցան Պրիւքսէլի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Կը հաղորդուի, որ Ֆիտան եւ Պլինքըն արժեւորեցին Կազզէի վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան գործընթացը։ Անգարայէն հրապարակուած տեղեկութիւններուն առընթեր, Ուաշինկթընի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ ՆԱԹՕ-ի այս երկու անդամ երկիրներու՝ որպէս դաշնակից վաղեմի համագործակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Հարկ է նշել, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը Նիւ Եորքի մէջ այսօր հերթական ժողովը կը գումարէ՝ Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմի օրակարգով։ Նիստին կը մասնակցի նաեւ Հաքան Ֆիտան, որ Նիւ Եորքի քննարկումներուն ընդառաջ երէկ Էնթընի Պլինքընի հետ անդրադարձաւ թէժ օրակարգին։ Ֆիտան Պրիւքսէլի մէջ Պլինքընի առընթեր երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ իր կարգ մը երկիրներէ պաշտօնակիցներու հետ. ինչպէս՝ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քեմըրըն, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք, Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոյ, Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսփեն Պարթ Էյիտէ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Թոպիաս Պիլշթրէօմ, Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարքուս Ցախնա, Ալպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Իլկի Հասանի։ Երկկողմանի շփումներու ընթացքին արծարծուեցան նաեւ Ուքրայնայի վերջին իրադարձութիւնները։

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Ֆիտանի առանձնազրոյցը՝ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Այս վերջինը նախօրէին յայտարարած էր, որ դաշինքի հիմնական նպատակներէն մին է՝ կանխել Ռուսաստանի հետ ուղղակի լայնածաւալ պատերազմ մը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2023