ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
ԺԱ.
ՍԻՐՈՅ ԴԵՐԸ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Սիրոյ արտայայտութիւնները հիներուն մէջ: Անոր դերը ամուսնութեան խնդիրին մէջ: Հաճոյանալու բաղձանքը, իբրեւ բնազդային զգացմունք: Արդի հասարակութեան հայեացքը սիրոյ վրայ: Հարուստ հարսնցուն: Օժիտի անբարոյականացնող ուժը: Սէրը քաղաքին եւ գիւղին մէջ: Հարուստ երիտասարդներու պսակը: Սէր եւ յափշտակում: Սէրը կը կուրցնէ: Նշանտուքի իմաստը: Ամուսնացողներու բնաւորութիւններուն տարբերութիւնը: Ծնողներուն դերը զաւակներու ամուսնութեան մէջ: Օճախը: Ամուսնացողներուն մէջ՝ դասակարգի, ծագումի եւ զարգացումի տարբերութիւնը:
Օժիտի անբարոյականացնող ուժը յայտնի էր նաեւ հին դարերուն: Կը պատմեն, թէ Սոլոնը (յոյներու մեծ օրէնսդիրը) նկատելով, որ կիները դրամով իրենց ամուսին կը գնեն եւ այդպիսով պսակը առեւտուրի կը վերածեն, հրամայեց, որ կինը իր հետ բերէ միայն երեք ձեռք հագուստ եւ քանի մը արժան կարասիներ:
Սոլոնի պատուէրը թերեւս արմատախիլ չէ ըրած օժիտի սովորութիւնը, որ այսօր իր գագաթնակէտին հասած է եւ ամբողջովին խեղդած է ամուսնութեան մղող միւս բոլոր շարժառիթները:
Մեզի նման կիսաքաղաքակիրթ ազգի մը մէջ այս պայմաններուն ներքեւ կատարուած միութիւնը հազիւ թէ անվրդով մնայ: Եւ, իրապէս, մեր մէջ հազուագիւտ են այն հարուստ տղամարդիկը, որոնք իրենց աղքատ կնոջ օրին մէկը չյիշեցնեն օրիորդ ժամանակուան չքաւորութիւնը:
Քաղաքային հասարակական կեանքը անողոք է դէպի իսկական սէրը, այդ սիրոյն նպաստող չէ նաեւ գիւղական կենցաղը:
Գիւղին մէջ սէրը «յետոյ կու գայ» պսակէն ետք, քանի որ պսակէն առաջ աղջիկներուն եւ տղաներուն միջեւ յարաբերութիւնները արդէն կը կտրուին ճիշդ այն հասակին, երբ անոնք նոր ընդունակ կը դառնան ճանչնալու եւ գնահատելու զիրար: Երբ աղջիկը «հասած» [հասունցած] է, ան հարսնցուներու շարքը կ՚անցնի ու կը դադրի տղաներու հետ խօսելէ ու խաղալէ: Այսպիսով գիւղին մէջ ալ սէրը չի զարգանալ։ Ծնողները «կը հաւնին», երեխաներուն կը մնայ միայն եկեղեցի երթալ իրենց այո՛ն ըսելու, երբեմն նոյնիսկ ուղղակի այնտեղ իրարու հետ ծանօթանալու… Յայտնի է, որ մեր մէջ այսպիսի պսակները առօրեայ երեւոյթ են գոնէ գիւղերուն մէջ, ուր տղային մայրը տան «բան անող», իրեն համար տունը օգնական կը բերէ եւ ոչ թէ հարս եւ ուր քիչ չեն նաեւ բաշիքեարթմաները ծծկեր երեխաներուն մէջ:
Այս է ահա՛ սիրոյ վիճակը. ան հասարակութեան գրեթէ բոլոր խաւերուն մէջէն վռնտուած է:
Սակայն, կայ դասակարգ մը, որ առերես իսկապէս ո՛չ մէկ ակնկալութիւն պէտք է ունենար աղջիկէն եւ որ կրնար թոյլ տալ իրեն այդ աւելորդ շքեղութիւնը՝ սիրային ամուսնութիւն. այդ մեր հարուստ, միլիոնատէր երիտասարդներուն դասակարգն է: Եւ, իրապէս, դէպքեր կը պատահին, երբ հարուստ երիտասարդ մը կ՚առնէ աղքատ կին մը, անյայտ տունէ մը, բայց այս օրինակները դժբախտաբար նոյնպէս բացառութիւն են: Այստեղ եւս դժուար է հաստատ ըսել, թէ ատիկա իսկական սէր եղած է: Յաճախ այսպիսի պսակները զարմանալի արագութեամբ կը կատարուին մէկ-երկու շաբթուան ընթացքին, որու միջոցին, անշուշտ, անկարելի է փոխադարձ հակումի ծագումն ու զարգացումը: Եթէ աղջիկը գեղեցիկ է՝ բաւական է: Այսպիսի զգացումը չի՛ կրնար անշուշտ երկարատեւ ըլլալ. ան ուշ կամ կանուխ կ՚անցնի եւ լաւ է, եթէ ան իսկական սիրոյ վերածուի։ Դժբախտաբար, ան յաճախ իր ետեւէն միայն զղջում կը ձգէ: Իսկական սէրը ոչ մէկ առընչութիւն ունի յափշտակումին հետ. ան կը գոյանայ եւ կը զարգանայ նոյնչափ ուղեղին մէջ, որքան սրտի, որովհետեւ խելքի, բանականութեան հակակշռին տակ կը դարբնուի-կը կոփուի առողջ սէրը:
Երիտասարդ աղջիկները սեռական հասունութեան մէջ մէկ երիտասարդով կը յափշտակուին՝ անոր մէջ գտնելով այն բոլոր յատկութիւնները, որ անոնք ուսումնասիրած են Շէյքսփիրի, Ռոմէոյի, Կէօթէի, Հերմանի, Ապպա Փրեվոյի, Փոլի մէջ: Մանաւանդ որ իրենք՝ Ժիւլիէթի, Տորոթէայի կը դառնան: Մատաղ աղջկայ վառ երեւակայութիւնը, անոր բանաստեղծական հոգին կ՚իտէալացնեն սիրած երիտասարդը, կ՚ազնուացնեն անոր նոյնիսկ վատ կողմերը կամ կը քօղարկեն իրենց աչքերէն անոր պակասութիւններն ու արատները:
Այստեղ քննադատական ոգին կորսուած է, այստեղ «սէրը կուրցած է» աղջկան: Ասոր միակ իտէալն է՝ ինքզինք նուիրել, զոհել այդ երիտասարդին, դառնալ անոր գերուհին՝ միայն թէ մօտ ըլլայ անոր: Եւ այդպիսիները իրենք զիրենք կը նետեն սիրած մարդու գիրկը՝ առանց տատանելու, առանց քննադատութեան եւ երջանիկ կը զգան իրենք զիրենք մինչեւ այն սոսկալի ժամը, երբ քօղը կ՚իյնայ աչքերէն եւ անմխիթար, տգեղ իրականութիւնը կը բացուի անոնց առջեւ՝ իր բոլոր յուսահատեցնող անճոռնիութեամբ: Մեր դարը այնքան «գործնական» դարձած է, որ դժբախտաբար մենք պարտաւոր ենք զգուշացնել մեր օրիորդները արդի երիտասարդներու ստախօս եւ փաղաքշող լեզուէն, բայց սա, անշուշտ, չի նշանակեր, թէ անոնց մէջ անկեղծ մարդիկ չկան:
Այնուամենայնիւ, անկեղծը կեղծէն զանազանելու համար երկար ծանօթութիւն անհրաժեշտ է: Այդ մէկը նոյնքան կարեւոր է աղջկան համար՝ որքան տղային, որովհետեւ աղջիկները նոյն չափով ձեւացող են ու կեղծող: Երկար ծանօթութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ աւելի սառնասիրտ վերաբերուելու մարդոց, աւելի քննադատական աչքով նայելու անոնց վրայ:
Նշանտուքը, անշուշտ, սկիզբները նոյն նպատակը ունեցած է: Փեսացուն եւ հարսը իրար մօտեցնելով՝ ան միջոց կու տար անոնց աւելի մօտէն ճանչնալ զիրար: Դժբախտաբար, այս սովորութիւնը ներկայիս ծէս դարձած է եւ նշանուածները այլեւս անբաժան կը համարուին, թէեւ զղջացած ըլլան: Նշանտուք մը մէկ իմաստ կ՚ունենար, եթէ ամօթ չըլլար, որ նշանուածները իրարմէ հեռանային, երբ զիրար չեն հաւնիր: Ամէն պարագայի, ահագին կարեւորութիւն ունի այն հարցումը, թէ որքա՞ն ժամանակ կ՚անցնի նշանտուքին եւ պսակին միջեւ: Չափազանց կարճ ժամանակամիջոցը բաւարար չէ նշանուածներուն իրար ճանչնալու համար, իսկ չափազանց երկար նշանուած մնալն ալ սառնութիւն կը ձգէ անոնց միջեւ:
Եթէ նշանուածները կը հիասթափին, հազար անգամ աւելի լաւ է ազնուաբար բաժնուիլ՝ քան անբախտ ամուսնութիւն կազմել, վախնալով «ինչ կ՚ըսեն»էն:
Հոգեգէտ մը շատ իրաւացի կերպով կը նկատէ, թէ ցանկալի չէ, որ ամուսինները միատեսակ բնաւորութիւն եւ միատեսակ խառնուածք ունենան: Ընդհակառակն, կապը աւելի ամուր է այնտեղ, ուր բնաւորութիւնները զիրար կը լրացնեն, կամ աւելի ճիշդ ըսած՝ քիչ հակառակ կ՚ըլլան: «Երկու կրքոտ եւ դիւրութեամբ բռնկուող բնաւորութիւններ նոյնքան քիչ առիթ կ՚ունենան երջանիկ ըլլալու, որքան երկու չափազանց հանդարտ եւ անտարբեր անձեր»:
Այր մարդը կամքի ուժ, տոկունութիւն, գործնական խելք, առողջ, մեծ զգացումներ պէտք է բերէ, իսկ կինը՝ հեզութիւն, քաղցրութիւն, մեղմութիւն իր բոլոր գործերուն մէջ. [միաժամանակ] երկուքը՝ համբերողութիւն:
Անկասկած, անբախտ ամուսնութիւններու մեղքը մեծ մասամբ, եթէ ոչ ամբողջովին, ծնողներու վիզին է:
Անոնք, իբրեւ աւելի հմուտ մարդիկ, պիտի ղեկավարեն իրենց զաւակները ընտրութեան գործին մէջ: Իրապէս, ծնողներու բոլոր բարեացակամութիւնը մեր մօտ կը կայանայ անոր մէջ, որ իրենց որդիին համար «լաւ հարս» կամ «լաւ փեսայ» կը ճարեն: Իսկ «լաւ» ըսելով անոնք կը հասկնան հարուստ, լաւ դիրք, գեղեցիկ արտաքին եւ լաւ կապեր ունեցող:
Այս յատկութիւնները բաւարար կը համարուին, քանի որ ներքին աշխարհը քօղարկուած կը պահուի դիտողի աչքէն:
«Այլեւս չեն հարցներ, կ՚ըսէ Տըպէն, թէ ի՞նչ ձգտումներու, ի՞նչ կիրքերու, ի՞նչ բնաւորութեան եւ բարոյականութեան տէր է իրենց աղջկան ձեռքը խնդրողը: Բոլորին վրայ հարստութեան տեսակէտէ կը նային եւ նկատի կ՚առնեն միայն այն դիրքը, որ փեսացուն կրնայ իր ապագայ կնոջ տալ: Եւ երբ որ այսպիսի շարժառիթներով մարդու տուած աղջիկը անբախտ դուրս կու գայ, այն ատեն ծնողները այլեւս խօսք չեն գտներ կշտամբելու եւ հայհոյելու իրենց փեսային եւ երես կը դարձնեն անորմէ, մոռնալով, որ իրենք են խեղճ աղջկայ դժբախտութեան պատճառը: Չէ՞ որ իրենք ետ մղեցին այն աղքատ փեսացուն, որու կը սիրէր աղջիկը եւ որ ազնիւ մարդ էր եւ ետ մղեցին այն պատճառով միայն, որ աղքատ էր…»։ Ծնողի հեղինակութիւնը իր զաւակի ամուսնութեան խնդրին մէջ ահագին է: Սակայն, ան ալ պէտք է լուրջ նայի խնդրին եւ գիտակցօրէն վերաբերի:
Մեր կարծիքով, բազմաթիւ օրինակներէն կարելի է դուրս բերել այս ընդհանուր կանոնը.
Ծնողները կրնան եւ պարտաւոր են խանգարել որեւէ ամուսնութիւն (եթէ, անշուշտ, անյարմար կը համարեն զայն), բայց երբեք պէտք չէ ստիպեն զայն ամուսնանալու իրենց (ծնողներու) ընտրածին հետ:
Անոնք երբեք պէտք չէ մոռնան, որ փեսան իրենց համար չէ, այլ իրենց աղջկայ համար է, որ իրենք կը մեռնին, իսկ աղջիկը ստիպուած է յաւիտեան ապրելու իր ամուսինին հետ: Ես կը կարծեմ, որ եթէ բոլոր ծնողները հասկնան այս տարրական բանը, այն ատեն պարտադրաբար չեն «կապեր իրենց զաւկին վիզին» փեսացու մը, որուն աղջիկը չի՛ հաւնիր եւ երբեք պիտի չսիրէ:
Եթէ աղջիկը անարժան մարդով մը յափշտակուած է, ծնողներուն պարտքն է համոզել, խրատել եւ մեղմութեամբ, սիրով եւ բարեկամաբար ետ կանգնեցնել իրենց զաւակը սխալ քայլէ. իսկ եթէ համոզումը չի՛ ազդեր յետաձգել պսակը երկար ժամանակով, միջոց տալ աղջկան լուրջ խորհելու՝ իր սիրածը ուրիշներու հետ համեմատելու:
Իսկ եթէ աղջկայ ընտրած փեսացուն ամէն տեսակէտէ արժանի անձնաւորութիւն է, բայց միայն չքաւոր է կամ ծագում չունի եւ այլն, այն ատեն ծնողները բարոյական ո՛չ մէկ իրաւունք ունին այդ ամուսնութիւնը արգիլելու:
Թո՛ղ յիշեն անոնք Թեմիստոկլէսի նշանաւոր պատասխանը իր աղջիկը ուզող երկու փեսացուներուն, որոնցմէ աղջիկը աղքատը հաւնած էր. «Ես կը գերադասեմ մարդը առանց դրամի՝ քան դրամը առանց մարդու», կամ այն վաճառականին պատասխանը, թէ «ինծի աւելի հաճելի է, որ աղջիկս երջանիկ ըլլայ ո՛չ ազնուական մարդու հետ՝ քան դժբախտ դքսուհիի տիտղոսով»:
Բայց որպէսզի զաւակները ընդունակ ըլլան լաւ ընտրութիւն կատարելու, ծնողներուն պարտքն է կանուխէն հասկցնել անոնց, թէ ի՞նչ է ամուսնական կեանքը, ի՞նչ է ամուսինը, մայրը եւ ի՞նչ են անոր պարտականութիւնները: Անոնք պիտի հասկնան, որ աղջկայ կեանքին մէջ շատ անբախտութիւններ հետեւանք են այն անգիտութեան, որու մէջ կը պատսպարուի «լաւ կրթուած» «միամիտ» աղջիկը եւ որու պատճառով այդ խեղճը ինքզինք կը նետէ զինք առաջին փաղաքշողին գիրկը…:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 25
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024