ԿԱԶԶԷԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՉՈՒՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹ
Կազզէի պատերազմական գործողութիւնները շարունակուեցան գրեթէ մէկուկէս ամիս։ Աւարտը տակաւին երեւելի չէ, սակայն, կայ համեմատական դադար ու ատոր կողքին՝ գերիներու եւ բանտարկեալներու փոխանակում։ Փաստօրէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի համընդհանուր ճիգերով կարելի եղաւ հասնիլ այս կարճատեւ հրադադարին, որ, դժբախտաբար, եւ ըստ առկայ պատկերին ու երկու կողմերու պատասխանատուներու յայտարարութիւններուն՝ դեռ վերջնական չէ։
Իսրայէլ վճռած է մինչեւ վերջ երթալ եւ ոչնչացնել «Համաս» շարժումը Կազզէի մէջ, իսկ Պաղեստինի ժողովուրդը եւ նոյնինքն «Համաս» վճռական են այս պայքարին մէջ։ Եթէ փորձենք ճիշդ գնահատականներ տալ՝ յատկապէս Իսրայէլի ռազմաքաղաքական վարքին, ապա անպայման պէտք է նշել, որ Թել Աւիւի վիճակը այդքան ալ բարւոք չէ։ Մասնաւորապէս վարչապետ Պենիամին Նաթանիահուի վիճակը, որովհետեւ ան համահեղինակն է այս պատերազմին ու զանազան առիթներով բացայայտօրէն յայտարարած է, որ իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն ի չիք դարձնելու համար «Համաս»ը եւ անոր ռազմական ներկայութիւնը Կազզէի մէջ։ Այստեղ, անշուշտ, կը ծագի հարց մը, թէ ռազմական միջոցներով հնարաւո՞ր է այդ բանը ընել, մանաւանդ, որ մեծ հաշուով Կազզէ քաղաքէն բան չէ մնացած։ Այժմ քաղաքը աւերակներու կոյտ մըն է ու մարդկանց բնակարաններու գրեթէ 60 տոկոսը ոչնչացուած։
Կայ, ի հարկէ, «Համաս»ի զինեալներու թաքստոցներու հարցը, որ ինքնին բաւական լուրջ հարցումներու պատճառ կը դառնայ Իսրայէլի տեսակէտէ։ Նեթանիյահուի ղեկավարութիւնը, բնականաբար, մինչեւ այս պահը կը զգուշանայ ցամաքային ամբողջական ներխուժում մը կատարելէ դէպի Կազզէ։ Ճիշդ է, որ Իսրայէլի ջոկատներ արդէն իսկ կը գտնուին Կազզէի տարբեր հատուածներուն մէջ, սակայն, այդ մէկը երբեք չի նշանակեր, որ Իսրայէլ ամբողջութեամբ պատրաստ է իր երկաթէ թաթերը տարածել քաղաքին վրայ։ Ուրեմն, այս բոլորին հետեւանքով յառաջացաւ ամբողջութեամբ փուլ եկած քաղաք մը, որուն ընդերքը տակաւին անվերահսկելի է ու կրնայ նոր անակնկալներ մատուցել Իսրայէլի բանակին։
Այս բոլորէն անդին, եթէ արագ վերաքաղ մը ընենք անցեալ հոկտեմբերի 7-ին ընթացք առած գործողութիւններուն, որոնք կոչուեցան «Ալ Աքսա հեղեղ» ընդհանուր անունով, ապա պիտի նկատենք, թէ այդ գործողութեան սկիզբէն ընդամէնը օրեր անց Իսրայէլ նախաձեռնութիւնը առաւ իր ձեռքերուն եւ անցաւ Կազզէի հատուածը ամբողջութեամբ մեկուսացնելու գործին։
Իսրայէլ անասելի հարուածներ հասցուց Կազզէին եւ այս պատճառով ալ քաղաքը ծունկի գալու չափ վնասուեցաւ ու արձանագրուեցան հազարաւոր զոհեր։ Անմարդկային իրավիճակին հետ երեւելի դարձաւ քաղաքական յստակ անորոշութիւն։ Թէ ո՞ւր պիտի տանի այս իրադարձութիւններուն ընթացքը եւ մօտաւորապէս երկու ամսուան այս պատերազմը ինչի՞ կրնայ յանգեցնել՝ դեռ պարզ չէ։
Պատերազմական գործողութիւններուն զուգահեռ կայ գերիներու խնդիրը։ Անոնց մէկ մասը ազատ արձակուեցաւ վերջին օրերուն գոյացած համաձայնութեան հիմքով, սակայն այս խնդիրը Նեթանիյահուի ուսերուն ծանր բեռ մը դարձած է եւ իւրաքանչիւր օր, որ կ՚անցնի, բեռը ա՛լ աւելի կը ծանրանայ Իսրայէլի կառավարութեան ուսերուն վրայ։ Ի դէպ, վերջին օրերը բաւական թէժ էին Իսրայէլի խոհանոցին տեսակէտէ։ Երկրի ընդդիմութեան ղեկավարը՝ Եայիր Լափիտ կը խօսի Իսրայէլի կարմիր գիծերուն մասին ու Նեթանիյահուէն կը պահանջէ՝ անմիջապէս ներողութիւն խնդրել իր կատարած սխալներուն համար եւ արագօրէն հրաժարական տայ։ Իսրայէլի կառավարութիւնը, որ վարժ է պատերազմի ժամանակ ամուր պահել ներքին միասնութիւնը, այս փուլին եւս կը գիտակցի այս բոլորին։ Բայց եւ այնպէս, այս պատերազմը բոլորովին տարբեր է նախորդներէն։ Քաղաքական գետնի վրայ մինչեւ օրեր առաջ մեծագոյն գրաւը դէպի Կազզէ թափանցումն էր։ Այսօր արդէն իրավիճակը փոխուած է, օրակարգն ալ փոխուած։ Ի հարկէ, տմարդի իրավիճակը աւելի կը տարածէ իր սեւ շուքը ամբողջ պատկերին վրայ եւ թերեւս այս է պատճառը, որ Իսրայէլ կրնայ յանկարծ վերատեսութեան ենթարկել իր բոլոր ծրագիրները։ Իւրայատուկ շահապաշտութեամբ կը գործէ Իսրայէլ, որու դէմ արտաքին ճնշումները կրնա՞ն արդեօք իրադրութիւնը փոխել։ Արեւմուտքի ամբողջական նեցուկով հանդերձ, ան թիրախ կը դառնայ Թուրքիոյ թէժ քննադատութիւններուն։
Ի վերջոյ, ի՞նչ հունի պիտի մտնէ այս հակամարտութիւնը եւ ո՞ւր կրնան տանիլ իրադարձութիւնները այս խնդիրը, որ 1948 թուականէն ի վեր բեռ կը դառնայ ամբողջ տարածաշրջանին։
Ի դէպ, առկայ իրադարձութիւնները, ահաւոր պատերազմը տեղ մը արաբական աշխարհի ամենատարբեր ոստաններուն ու եւրոպական տասնեակ քաղաքներուն մէջ դարձան բողոքի առիթ։ Հազարաւորներ փողոց իջան ու պահանջեցին, որ Իսրայէլ արագօրէն դադրեցնէ կրակը եւ հարցերը լուծուին բացառապէս քաղաքական ճանապարհներով։ Հրթիռակոծութիւններուն հետեւանքով ինկած զոհերուն, բայց մանաւանդ՝ անմեղ մանուկները սպանդի ենթարկելու Իսրայէլի վճիռը դարձաւ համատարած քննադատութեան ու մեղադրանքի առարկայ։ Այս մասին գրողներու շարքին տակաւին մեծ եղաւ թիւը այն վերլուծաբաններուն, ըստ որոնց այս հակամարտութիւնը կամ հակամարտութեան այս փուլը կրնայ արագօրէն վերածուիլ քաղաքակրթական սուր պայքարի։ Մէկ կողմէ համայն աշխարհի մէջ տարածուած իսլամ քաղաքացիներ, իսկ միւս կողմէ աշխարհի մէջ Իսրայէլի գերակայութեան դէմ պայքար յանձն առած մարդիկ կրնան քով-քովի գալ ու տարբեր ձեւաչափերով եւ տարբեր զէնքերով իրենց ձայնը, բողոքը լսելի դարձնել։
Այսինքն ամբողջ աշխարհը կը վերածուի Իսրայէլի դէմ համընդհանուր պայքարի մեծ գօտիի մը՝ յար եւ նման Երուսաղէմին, Արեւմտեան ափի տարբեր քաղաքներուն, ուր մարդիկ, անհատներ նոյնիսկ առանց կազմակերպուած ըլլալու կրակ կը բանան իսրայէլացիներու վրայ կամ ալ խափանարարական արարքներ կը կատարեն Իսրայէլի շահերը ներկայցնող հաստատութեանց դէմ։ Ու սա արդէն հարկաւոր է կոչել քաղաքակրթական պայքար կամ ընդհարում, որուն մէջ տիրական կրնայ ըլլալ նաեւ կրօնական տարրը, սակայն ո՛չ միայն այդ…
Ի դէպ, նոյն այս քաղաքակրթական պայքարին խնդրին մասին օրերս ուշագրաւ մտքերով հանդէս եկած է գանատահայ մտաւորական Վիգէն Ադդարեան, որու համոզմամբ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութիւնը դժուար թէ վերածուի քաղաքակրթական մեծ պայքարի մը։
Այս կապակցութեամբ Վիգէն Ադդարեան կ՚ըսէ.
«Երկու բառով շատ դժուար պիտի ըլլայ ներկայացնելը, սակայն, կարելի է հաստատել, որ ան քաղաքակրթական բնոյթ չունի։ Հակամարտութիւններուն քաղաքակրթական բնոյթ կը հագուեցնեն, որպէսզի քաղաքական ուրիշ նպատակներ հետապնդեն։ Այս հակամարտութիւնը գոյութիւն ունի 1917-էն՝ Պալֆորի հռչակումէն ի վեր, թէ Պաղեստինի հողամասին վրայ ո՛ր պետութիւնը պիտի տիրէ, ո՛ր ժողովուրդը պիտի ապրի եւ այս բանին հետեւանքները գրեթէ դարէ մը ի վեր գոյութիւն ունին։ Ա՛յս է հակամարտութիւնը, որ կ՚ընթանայ։ Իսկ թէ ան ի՞նչ փուլի կը հասնի, սա ուրիշ բան է։ Սակայն բոլորիս համար արդէն յստակ է, որ այս հակամարտութիւնը այսօր շատ վտանգաւոր փուլի մէջ է»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024