ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՍՔՈՓԷԻ ՄԷՋ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճեանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ այս առաւօտ բանակցութիւններու ձեռնարկեցին սահմանի վրայ, ինչ որ երկար ընդհատումէ մը վերջ առաջին ուղղակի շփումը կը նշանակէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։

Մինչ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան հարցերը միջազգային գետնի վրայ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դառնալ կը շարունակեն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Հիւսիսային Մակեդոնիայի մայրաքաղաքը՝ Սքոփէի մէջ կը մասնակցի ԵԱՀԿ-ի 30-րդ նախարարական նիստին։ Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին ժամանակ եւս տարածաշրջանային հարցերը ուշադրութեան առարկայ են։ Սքոփէի մէջ է նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպում մը չէ նախատեսուած։

Արարատ Միրզոյեան հաւաքի շրջանակներէն ներս ունեցաւ շարք մը կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի, Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քեմըրընի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի գծով պետական նախարար Լորանս Պունի, Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Հանքը Սլոթի հետ եւ այլն։ Տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերը միշտ եղած են ուշադրութեան կիզակէտին։

Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար երէկ ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ այցելած է Անգարա, ուր քննարկած է Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ տարածաշրջանային հարցեր, որոնք ԵՄ-ի եւ Թուրքիոյ ընդհանուր հետաքրքրութեան առարկայ են։ Այս ամբողջին մէջ շօշափուած է Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2023