ՅՍՏԱԿ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է Ատրպէյճանի անկեղծ նուիրուածութիւնը։
Սքոփէի մէջ կազմակերպուած ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին ան մատնանշեց, որ միջազգային հանրութեան լուռ համաձայնութեամբ Ատրպէյճան հասած է իր վաղեմի նպատակին՝ ստանալով Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը առանց հայ բնակչութեան։ Իր խօսքով՝ հակառակ տեղի ունեցած մարդասիրական աղէտին՝ Երեւան հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան նոր դարաշրջանի մը բացման ու կը կարծէ, թէ այս բանը տակաւին հնարաւոր է։ Այս հնարաւորութիւնը իրականութիւն դարձնելու համար անհրաժեշտ է նաեւ միջազգային դերակատարներու ամուր աջակցութիւնը։ Այս կէտին վրայ Միրզոյեան մատնանշեց երեք սկզբունք՝ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչում առանց երկիմացութիւններու, սահմանազատում սովետական շրջանի ամենավերջին ու օրինական քարտէսներու հիման վրայ, նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակում՝ երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան լիակատար յարգումով, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքներով։
Սքոփէի ելոյթին ժամանակ Միրզոյեան խօսեցաւ նաեւ Երեւանի կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին մասին։ Միեւնոյն ժամանակ, Միրզոյեան նոյն ծիրէն ներս մատնանշեց Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման վճռորոշ կարեւորութիւնը։ Ան այս հարթակին վրայ ալ օրակարգի վրայ բերաւ բոլոր հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման եւ կորսուածներու ճակատագիրը պարզելու ուղղեալ անհրաժեշտութիւնը։
Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ ԵԱՀԿ-ի նախարարական ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան պէտք է գիտակցի, թէ խաղաղութեան ճանապարհը կ՚անցնի երկկողմանի երկխօսութենէ։
Սքոփէի մէջ Արարատ Միրզոյեան շարունակեց նաեւ երկկողմանի հանդիպումները։ Այս ամբողջին մէջ ան տեսակցեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Իկնասիօ Քասիսի, ԵԱՀԿ-ի յաջորդ շրջանային նախագահ երկրի՝ Մալթայի արտաքին գործոց նախարար Իէն Պորճի, Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչ Խաւիէր Քոլոմինայի եւ այլ դէմքերու հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան Սերկէյ Լաւրովի հետ տեսակցութեան ընթացքին անգամ մը եւս ներկայացուց հայկական կողմի դիրքորոշումները երկկողմանի եւ տարածաշրջանային օրակարգի շուրջ ռուսական քաղաքականութեան եւ քայլերուն կապակցութեամբ։