ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման ուղղեալ բանակցութիւնները երէկ շարունակուեցան՝ կողմերու ուղղակի շփումով։ Հայաստանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովն ու Ատրպէյճանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովը երէկ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ երկու երկիրներու փոխ-վարչապետներուն՝ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի։ Հարկ է նշել, որ սա յանձնաժողովի հինգերորդ հանդիպումն էր։
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, կողմերը շարունակեցին սահմանազատման հարցերու քննարկումը, անդրադարձան կազմակերպչական եւ ընթացակարգային շարք մը հարցերու։ Յանձնաժողովներուն միջեւ սկըզբնական համաձայնութիւն գոյացաւ՝ անոնց նիստերու եւ համատեղ աշխատանքային հանդիպումներու կազմակերպման աշխատակարգի թեքստին շուրջ։ Կողմերը պայմանաւորուեցան սկսիլ՝ յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան վերաբերեալ կանոնակարգի նախագծի համաձայնեցման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ փոխադարձ ըմբռնման հասան, որպէսզի աշխուժացնեն հանդիպումները։
Հուսկ, կողմերը պայմանաւորուեցան աշխատանքային կարգով նախանշել յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպման կազմակերպման թուականն ու վայրը։
Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ որոշ ժամանակէ ի վեր ընդհատուած էին ուղիղ շփումները՝ մասնաւորապէս բարձր մակարդակի վրայ։ Երէկուան բանակցութիւնները իմաստ ստացան նաեւ այս առումով։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջերս յայտնած էր, որ իրենց նոր պատերազմ մը պէտք չէ, որովհետեւ հասած են իրենց ուզածին, վերականգնած են միջազգային իրաւունքն ու պատմական արդարութիւնը, նաեւ սեփական ազգային արժանապատուութիւնը եւ թշնամիին ցոյց տուած են իր տեղը։ Այս ընթացքին Պաքուէն հնչած յայտարարութիւններուն մէջ մատնանշուած էր նաեւ, որ խաղաղութիւնը հնարաւոր է միայն Երեւանի լուրջ յանձնառութեամբ։
Փոխ-վարչապետներու երէկուան բանակցութիւններուն հետ նոյնաժամանակ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Սքոփէի մէջ մասնակցեցան ԵԱՀԿ-ի հաւաքին, սակայն անոնց միջեւ հանդիպում մը տեղի չունեցաւ։