ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԱՍԻՆ
Երեսուն տարիէ աւելի հետեւելով քաղաքական կեանքին՝ ես, բնականաբար, չեմ զարմանար քաղաքական գործիչներու ցինիզմի նենգութեան եւ փարիսեցիութեան վրայ։ Սա, կարելի է ըսել, մասնագիտական առանձնայատկութիւն է. ինչպէս աճպարարի գործը լայնեզր գլխարկէն նապաստակ հանելն է, այնպէս ալ քաղաքական գործիչի աշխատանքի հիմնական մասն է մարդիկ խաբելն ու մոլորեցնելը։ Ոմանց մօտ սա լաւ կը ստացուի, ոմանց մօտ վատ՝ կախուած է «վարպետութեան» մակարդակէն։
Այնուամենայնիւ, վերջին 2-3 տարիներու ընթացքին որոշ բաներ ինձ համար անսպասելի էին եւ անոնք կը վերաբերին ո՛չ թէ գործիչներուն, այլ հասարակութեան, զանգուածներուն, ժողովուրդին՝ ինչպէս կ՚ուզէք անուանեցէք։ Նախ՝ զիս կը զարմացնէ Ռուսաստանի ժողովուրդը, որ արդէն համարեա երկու տարիէ կը շարունակէ ոգեւորուած մնալ Փութինի կողմէ սանձազերծուած անիմաստ եղբայրական պատերազմով, որ երկու կողմերէն խլած է, որոշ տուեալներով՝ 300 հազարական մարդկային կեանքեր, աւերակ դարձուցած է քանի մը տասնեակ քաղաքներ, փախստական դարձուցած է միլիոնաւոր մարդիկ։ Մարդոց այդ ի՞նչ կայսերական մոլուցք սրսկած են, անոնք այս ամէնը կը հաւնին։
Հայաստանցիներու մեծամասնութեան կեցուածքն ալ նուազ անսպասելի չէ ինձ համար։ Անոնք կը շարունակեն երկրպագել այն ղեկավարին, որ երկիրը տարած է խայտառակ պարտուխը, այլեւ՝ Հայաստանի տարածքի 200 քառակուսի քիլօմեթրը յանձնած։ Աւելին՝ այդ մեծամասնութիւնը կ՚ողջունէ նաեւ ապագայ «յանձնումները», որոնք, ի վերջոյ, կը բերեն պետականութեան կորուստի։ Ես, մեղմ ըսած, զարմանքով հասկցայ, որ պետականութիւնը այդ մեծամասնութեան պէտք չէ։ Եթէ աւելի մանր օրինակ բերենք, ապա կը յիշենք, թէ մարդիկ «կարմիր գիծերու» պատճառով ինչպէս ինքզինքնին կը ճղէին, իսկ հիմա պատրաստ են այդ նոյն գիծերու համար Երեւանի փոքր կեդրոնին վճարել 13 անգամ, իսկ մնացած տեղերուն մէջ՝ կրկնակի աւելի մեծ գումար։
Ինձ համար տհաճ անակնկալ են նաեւ մեր ժողովուրդի մէջ ցեղապաշտութեան դրսեւորումները։ Ոմն «ազգասէր» ո՛չ միայն ստորնացուցած է հնդիկ բանուորը, այլեւ՝ նկարահանած է այդ ստորնացման ընթացքն ու տարածած համացանցով։ Մենք կը վրդովինք չէ՞, երբ Մոսկուայի եւ Պերլինի փողոցին մէջ այդպիսի վերաբերմունք կը դրսեւորուի հայ գաղթականներու նկատմամբ։ Հնդիկները, որոնց քաղաքակրթութիւնը, ի դէպ, նոյնքան հին է, որքան մերը, սա կ՚անուանեն «կարմա» (պուտտայական հասկացութիւն)։ Դուն բացասական ազդակներ կ՚ուղարկես տիեզերք ու ճիշդ այդպիսիները կը ստանաս։ Բարեբախտաբար հակառակն ալ ճիշդ է։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի