ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ COP28
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ հակառակ տարեմուտի երկրաշարժի աղէտին, Թուրքիա հաւատարիմ կը մնայ կլիմայի փոփոխութեան պարագային որդեգրուած նպատակներուն։ «Մենք կը նախատեսենք 2053 թուականի դրութեամբ կեանքի կոչել յստակ 0 արտանետումի (էմիսիոն) նպատակը», ըսաւ ան։
Նախագահ Էրտողան երէկ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան շրջագծային համաձայնագիրը ստորագրած կողմերու 28-րդ խորհրդաժողովին (COP28), որ Տուպայի մէջ կազմակերպուեցաւ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հիւրընկալութեամբ։ Այս կարեւոր գագաթաժողովէն բացակայեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի նախագահները՝ Ճօ Պայտըն եւ Շի Ծինփինկ։ Էրտողան Տուպայի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։
COP28 պիտի շարունակուի մինչեւ դեկտեմբերի 12-ը։ Ներկայիս համաշխարհային մարտահրաւէր մը դարձած է կլոպալ ջերմացումը 1.5 աստիճանով սահմանափակելու նպատակը։ Այս առումով հիմնական տարակարծութիւններու եւ դժուարութիւններու դուռ կը բանայ ածուխի, քարիւղի ու կազի նման ընդհանրացած վառելանիւթերու ապագային նկատմամբ վերաբերմունքը։
Հարկ է նշել, որ այս գագաթաժողովին ընթացքին Հայաստանը ներկայացուց Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։