ՄՈՒԹ ԱՐՏԱՑՈԼՈՒՄՆԵՐ «BLACK MIRROR»ԷՆ
«Black Mirror» իրականութեան մէջ միայն հեռուստաշար մը չէ, այլ ան կը նմանի մտքի տարրալուծարանի մը, որ մարտահրաւէր կը նետէ սովորական մտածումներուն: Իւրաքանչիւր դրուագով կը ճանապարհորդէք բոլորովին այլ տիեզերք մը: Անկասկած, այդ դրուագներէն ոմանք իսկապէս ցնցիչ են:
«Black Mirror»ը սիրուած ու դիտուած է նախ հակաիւթոփիայի գրականութեան սիրահարներու, ապա՝ ամբողջ աշխարհի կողմէ։ Ան մեզի հնարաւորութիւն կու տայ դիտարկելու այն հարցերը, բարոյական երկընտրանքները, որոնց մասին մտածելու կը մղէ այսօրուան տեսանկիւնէն: Այս առումով մենք անարդար կ՚ըլլանք, եթէ «Black Mirror»ը անուանենք միայն հեռուստատեսութեան համար ստեղծուած գործ մը։
2011 թուականին սկսած այս հեռուստաշարը բաղկացած է վեց եթերաշրջանէ։ Իւրաքանչիւր դրուագ կը տեւէ մօտաւորապէս ժամ մը եւ անոնց բոլորն ալ կ՚առընչուին մեզ խորապէս ցնցող հարցերով: Իւրաքանչիւր դրուագ գրուած եւ խմբագրուած է տարբեր թատերագիրներու կողմէ: Ստեղծուած բեմագրութիւններու ապշեցուցիչ երեսակը այն է, որ ներկայացուած հակաիւթոփիք պատկերները չափազանց հեռու կամ անիրատեսական չեն: Նոյնիսկ կարելի է ըսել, որ որոշ դրուագներու մէջ ականատես կ՚ըլլանք արդէն իսկ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու մութ կողմերուն։
Հեռուստաշարի մէջ կ՚արտացոլայ մեր կեանքը, որ աւելի ու աւելի կը ձեւաւորուի եւ կ՚առաջնորդուի թեքնոլոժիով: Ան նաեւ գեղարուեստական առումով քայլ մը առաջ է միւս արտադրութիւններէն եւ կը մատնանշէ կեանքի խնդրայարոյց կողմերը։
Ըստ էութեան, իւրաքանչիւր դրուագ առաջ կը քշէ հարց մը եւ դիտողները կը մղէ մտածելու կոտրուած ու փշրուած հայելիի մասին: Պատկերը, որ կը տեսնենք եւ այն ինչ որ իրական կը կարծենք, յանկարծ կը կոտրուի, կը ցրուի ու այլ իրականութեան մը կը ծանօթանանք։ Հայելիի ետեւէն նայելու ընդունակութիւնը կախեալ է մեր համարձակութենէն:
Թէեւ իրադարձութիւնները տեղի կ՚ունենան ներկայ ժամանակով, սակայն իւրաքանչիւր պատմութիւն հսկայական կանխատեսումներ կ՚ընէ այն մասին, թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ ապագային: Ան կը բացայայտէ թեքնոլոժիի հրաշալի հնարաւորութիւնները, բայց նաեւ անոր բերած մտահոգութիւնները։ «Black Mirror»ի ամենավառ կողմը այն է, որ թէեւ ցոյց կու տայ թեքնոլոժիի առաւելութիւնները, բայց մեզ կը մղէ նաեւ մտածելու բարդ հարցերու մասին: Դրուագ մը դիտելէ յետոյ բազում հարցականներ կը մնան մեր մտքին մէջ։
«Black Mirror» երբեմն կ՚ազդարարէ թեքնոլոժիի ընկերային ազդեցութիւնները եւ այնպիսի բեմագրութիւններ, որոնք կրնան տեղի ունենալ մօտաւոր ապագային։
Այնուամենայնիւ, կ՚ենթադրուի, որ որոշ նիւթեր եւ թեքնոլոժիք զարգացումներ կրնան յառաջընթաց ունենալ, ինչպէս կը կանխատեսուի հեռուստաշարի մէջ: Օրինակ՝ արհեստական բանականութիւնը, թուային յիշողութիւնը եւ տեսալսողական իրականութիւնը այսօր արագօրէն կը զարգանան եւ կրնան ազդել մեր կեանքի վրայ:
Ինչ որ ալ պատահի, հեռուստաշարի բեմագրութիւնները լուրջ յուշումներ կու տան այն կարեւոր հարցերու մասին, որոնց շուրջ պէտք է մտածենք նախքան անոնց տեղի ունենալը։ Ամենակարեւորը մտածելն է, թէ ինչպիսի՞ ազդեցութիւն կ՚ունենան նման զարգացումները հասարակութեան վրայ, պատրաստ ըլլանք եւ գնահատենք անոնց բարոյագիտական, ընկերային եւ հոգեբանական չափերը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024